Սերժ Սարգսեան Լոնտոնի Մէջ Պիտի Մասնակցի Ողիմպիական Խաղերու Բացման Արարողութեան. «Հրապարակ»
Յուլիս 26-ին Սերժ Սարգսեան կը մեկնի Լոնտոն` հրաւիրուած այլ նախագահներու հետ մասնակցելու
ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան: Այնուհետեւ պիտի մեկնի կարճատեւ հանգիստի` նախ
Եւրոպա, ապա Հայաստան` Սեւանի մէջ հանգիստը շարունակելու: Ի դէպ, այս օրերուն Հայաստանի
ողիմպիական խումբը հանդիսաւոր կերպով Լոնտոն ճանապարհելու արարողութիւն տեղի չունեցաւ,
որովհետեւ մեր ողիմպիականները եւրոպական երկիրներու մէջ ուսումնամարզական փորձերու մէջ
են եւ այնտեղէն մեկնեցան Ոիմպիական մայրաքաղաք: