Ոչ Եւս Է ՀՀ Ժողովրդական Արուեստագէտուհի Կալիա Նովենց ։
22յուլիսին, 75 տարեկանին ծանր հիւանդութենէն ետք վախճանած է հայ թատրոնի եւ շարժանկարի
նշանաւոր վարպետ, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արտիստ, ՀԽՍՀ պետական մրցանակի
դափնեկիր, միջազգային շարժանկարի փառատօներու մրցանակակիր Կալիա Նովենցը։ Երկար տարիներ
ան աշխատած է Սունդուկեանի անուան ակադեմիական, Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան, Երեւանի
Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան, Սօս Սարգսեանի գլխաւորած «Համազգային» թատրոններուն մէջ: Կեանքի
վերջին տարիներուն ան Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական թատրոնի դերասանուհի էր:
Կալիա Նովենց հայկական շարժանկար բերաւ հայ կնոջ կերպարը, անոր տառապանքներն ու լուռ
հեծեծանքները, հոգիի իւրատեսակ պոռթկումները դարձուց իր ստեղծագործութեան հիմքն ու ակունքը:
Զինք
համեմատած են համաշխարհային շարժանկարի իտալացի հռչակաւոր անհատականութիւն Աննա
Մանիանի-ի հետ, նկատելով զինք բոլոր ժամանակներու հայ եւ խորհրդային շարժանկարի ամենանշանաւոր
եւ ամենատաղանդաւոր վարպետներէն մէկը: