2012-07-26 12:09:53

Եկեղեցական Հաստատութիւններու Հաւաքը Ասիզիի Մէջ։


Աւելի քան 36 երկիրներէ ժամանած շուրջ 350 հոգեւորականներ ներկայիս կը մասնակցին Իտալիոյ Ասիզի քաղաքի մէջ գումարուած ժողովի մը նուիրուած ''Աստուծոյ խօսքը դարերու հոլովոյթին'' նիւթին։
Ժողովականներուն ուղղած պատգամին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը հաստատէ որ Եկեղեցւոյ ու աշխարհի միջեւ կապը պէտք է ապրիլ փոխադարձութեան նշանով։ Այսպէս' եթէ Եկեղեցին բան մը ունի տալիք աշխարհին որպէսզի մարդիկը ու պատմութիւնը աւելի մարդկայնական ըլլան, աշխարհն իր կարգին կարող է օգնել Եկեղեցւոյ աւելի ըմբռնելու ու լաւագոյնս ապրելու իր առաքելութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ եկեղեցական հաստատութիւններու անդամները հարցադրելու Եկեղեցի- աշխարհ կապի Աստուծոյ խօսքի լոյսով։








All the contents on this site are copyrighted ©.