2012-07-25 12:14:54

Վատիկանեան եւ Եկեղեցական Տեղեկութիւններ


Ի պատրաստութիւն երիտասարդներու համաշխարհային 2013-ի հաւաքին, 27 -29 յուլիս 2012, Րիո Տէ Ժանէյրօյի Մարաքանիա մարզադաշտին մէջ, տեղի կ՛ունենայ <<հարթեցէք ճանապարհը>> խորագրով, ՃՄՃ նախապատրաստողական հաւաք մը։

26 - 28 յուլիս Քիէվի մէջ կը նշուի Ռուսիոյ մկրտութեան օրը եւ համայն Ուգրանիոյ առաջնորդ` Գիէվի Մետրոպոլիտ Վոլոտիմիրի գահակալութեան 20րդ ամեակը։
Այս առիթներով կազմակերպուած ձեռնարկները պիտի կատարուին համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Կիւրեղ Ա նախագահութեամբ եւ աշխարհի օրթոտոքս 15 եկեղեցիներէն` 13-ին ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, որոնց շարքին նշենք Կ.Պոլիսը, Աղեքսանդրեան, Երուսաղէմը, Անտիոքը, Վրաստանը, Կիպրոսը, Պուլկարիան, Լեհաստանը եւ Յունաստանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.