2012-07-25 12:53:48

ՀՀ-ի եւ Ֆրանսայի ԱԳ Նախարարներու Հանդիպումը՝Փարիզ։


ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Յուլիս 24-ին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Լորան Ֆապիուսի հետ: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ արտերկրի մէջ ֆրանսացիներու հարցերով նախարար Էլեն Գոնուա-Մուրեթը:
Ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ըսած է, որ այս հանդիպումը լաւ առիթ է ամփոփելու երկկողմ յարաբերութիւններու ձեռքբերումները եւ նոր ազդակ հաղորդելու հայ-ֆրանսական համագործակցութեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Էդուարդ Նալպանտեան նշած է, որ Ֆրանսան եւ Հայաստանը ունին առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ, որոնք խարսխուած են աւանդական բարեկամութեան վրայ:
էդուարդ Նալպանտեան եւ Լորան Ֆապիուս մտքեր փոխանակած են միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան շուրջ: Նախարարները քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները եւ այդ շրջանակներուն մէջ իրականացուող ծրագրերը: Այս Բանակցութիւններու օրակարգին էր Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը:
էդուարդ Նալպանտեան Լորան Ֆապիուսը հրաւիրած է այցելելու Հայաստան:








All the contents on this site are copyrighted ©.