Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական
դաստիարակութեան կեդրոնը World Vision միջազգային քրիստոնէական բարեգործական կազմակերպութեան
հայաստանեան գրասենեակին աջակցութեամբ՝ Յուլիս 16-21 Ծաղկաձորի Գրողներու տան մէջ իրականացուցած
է կիրակնօրեայ կրթօճախներու ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացք։ Այս մասին կը յայտնեն
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնէն: Ծրագրին մէջ ընդգրկուած
էր շուրջ 150 ուսուցիչ՝ հայաստանեան բոլոր թեմերէն: Դասընթացքի մեկնարկին բացման խօսքով
հանդէս եկած է Մայր Աթոռի ՔԴԿ տնօրէն Տ. Վարդան աբեղայ Նաւասարդեան եւ , World Vision-ի
հայաստանեան գրասենեակի` ՀՀ կառավարութեան եւ Եկեղեցւոյ հետ կապերու պատասխանատու տիկ.
Կարինէ Յարութիւնեան, որոնք, երկուստէք կարեւոր համարելով կառոյցներուն արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը,
յոյս յայտնած են, որ անիկա պիտի ըլլայ շարունակական եւ առաւել ընդգրկուն:
Դասընթացքի
օրակարգին մէջ ընդգրկուած էին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան, Սուրբ
Գրքի եւ եկեղեցաբանական տարաբնոյթ հարցերու վերաբերեալ դասախօսութիւններ, որոնք ներկայացուած
են ինչպէս հոգեւորականներու, այնպէս ալ աշխարհական մասնագէտ բանախօսներու կողմէ: Առաջին
անգամ դասընթացքի ծիրէն ներս Արարատեան Հայրապետական եւ Արմաւիրի թեմերու ուսուցիչները
ներկայացուցած են օրինակելի դասեր, որոնց հետեւած են մեթոտական քննարկումներ:
Դասընթացքի
աւարտին ուսուցիչները Կեչառիսի վանքին մէջ մասնակցած են ուխտի Սուրբ Պատարագին: