2012-07-25 12:14:22

Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոսի Հարցազրոյցը Վատիկանի Ձայնասփիւռի Հետ։


RealAudioMP3 Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարք` Ներսէս Պետրոս ԺԹ այս օրերուս Հռոմ կը գտնուի։ Ան անցեալ 20 յուլիսին նախագահեց Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան, Հռոմի մէջ գումարուած, ընտրական ընդհանուր ժողովի բացման նիստը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ միաբանութեան նոր մեծաւորուհիի ընտրութիւնը յանձին` Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեանին։

Հռոմ կեցութեան ընթացքին Հոգեւոր Տէրը` բացի եկեղեցական պաշտօնական հանդիպումներէ, Ռատիովատիկանի արաբական եւ ֆրանսական մասնաճիւղերու հետ ունեցաւ ելոյթներ որոնց ընթացքին անդրադարձաւ միջին արեւելքի իրավիճակի մասին, յատուկէն անդրադառնալով քրիստոնեաներու ապրած դժուարութիւններուն։

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գահերէձը խօսեցաւ նաեւ իսլամ - քրիստոնեայ յարաբերութիւններու մասին ակնարկելով միջին արեւելքի քրիստոնեաներու ապրած ճգնաժամային իրողութեան։
Հոգեւոր Տէրը ապա ակնարկեց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի` յառաջիկայ սեպտեմբերին Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը արեւելքի եկեղեցիներուն պիտի յանձնէ յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը։

Յայտնենք որ Լիբանան կեցութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը առիթը պիտի ունենայ այցելելու նաեւ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան աթոռ` Արծիւեան միաբանութեան մայրավանք <<Տիրամայր Զմմառու Վանքը>>։Պատմութեան մէջ այս առաջին անգամն է որ Հռոմի Պապ մը կ՛այցելէ կաթողիկէ նուիրապետութեան աթոռը անոր հիմնարկութենէն ասդին (1742)։

Զմմառու Վանքի այցելութեան մասին անդրադառնալով գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը հետեւեալ տեղեկութիւնը տուաւ։ RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.