2012-07-25 12:15:02

Ինտոնեզիայի Մէջ Ծայրայեղ Մահմետականները Կը Շարունակեն Այրել Եկեղեցիները։


Կառավարութիւնը ամաբստանուած որպէս մոլեռանդներու մեղասկից։
Անցեալ 18 յուլիսին, Աշէհ մարզի մէջ, ծայրայեղ մահմետականները այրած են բողոքական եկեղեցի մը։ Շրջանի քրիստոնեաները բողոքի ցոյց մը կատարած են կառավարութեան անտարբերութեան ի տես ու եկեղեցիները փակելու հրամանին դէմ։
Մայիս 2012էն այսօր աւելի քան 20 եկեղեցիներ ու աղօթավայրեր թիրախ եղած են մահմետականներու արարքներուն։
Քրիստոնեայ կրօնապետերը բողոք ներկայացուցած են երկրի կեդրոնական իշխանութեան անոնց ցուցաաբերած անտարբերութեան ի տես։








All the contents on this site are copyrighted ©.