2012-07-25 13:04:11

Թուրքիոյ Առեւտրական Մենաշնորհումներ Տուող Բանաձեւը Կը Մերժուի.


Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը Յուլիս 23-ին մերժած է թիւ 2362 բանաձեւը, որ Միացեալ Նահանգներու բնիկ ցեղախումբերու հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններուն հետ առեւտրական մենաշնորհումներ կը նախատեսէր Թուրքիոյ համար: (Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը)։
Ողջունելով Ներկայացուցիչներու տան սոյն որոշումը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ համակիր շրջանակներ այս բանաձեւը առաջ կը մղէին՝ ստեղծելու համար այն տպաւորութիւնը, թէ Անգարա նեցուկ կը կանգնի Միացեալ Նահանգներու բնիկ ցեղախումբերուն, մինչ միւս կողմէ՝ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, տարրական իրաւունքներ կը զլանայ իր երկրի Փոքրամասնութեանց, կը շարունակէ հալածել Քիւրտերը եւ բռնագրաւուած կը պահէ Հիւսիսային Կիպրոսը:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ այլ կազմակերպութիւններ ու յունական խմբաւորումներ յաջողութեամբ կրցան ապահովել բանաձեւին ձախողութիւնը: Այս նպատակով, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պետական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան, ամերիկահայութեան կեցուածքը փոխանցող նամակ մը յղած էր քոնկրեսականներուն, ուր վերոյիշեալ կէտերու կողքին, ան յիշեցուցած է, թէ առեւտրական մենաշնորհումներ պահանջող Թուրքիան կը շարունակէ շրջափակուած պահել իր դրացին՝ Հայաստանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.