2012-07-25 13:07:37

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
Ստեփանոս Սիւնեցի


Մեր հայ Եկեղեցւոյ շարականներուն գլխաւոր կարգաւորիչը եւ ութը ձայներու բաժնելով` անոնց եղանակներուն հաստատողը եղաւ Ստեփանոս Սիւնեաց Եպիսկոպոսը, որ նաեւ մեծ գրագէտ մըն էր, իմաստասէր, աստուածաբան եւ թարգմանիչ, ծանօթ շատ մը լեզուներու։
Ստեփանոս ծնած է Դուին քաղաքը, 660-էն 670 թուականներուն միջեւ, այն շրջանին երբ Դուինը Կաթողիկոսի աթոռանիստ քաղաքն էր. Ան որդին էր կաթողիկոսարանի աւագերէցին եւ իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ կաթողիկոսարանին մէջ եւ աւելի վերջը` Մաքենեաց վանքին մէջ. Իր ուսումը կ՛ամբողջացնէ Մովսէս Սիւնեաց եպիսկոպոսին մօտ, եւ տարուած անոր հմտութենէն, կ՛որոշէ հոն մնալ. Իրեն կը տրուի Վարդապետական ամպիոնը եւ հոն` կը դասաւանդէ աշակերտներուն։
Նոյն ատենները Սմբատ Բագրատունի անունով իշխան մը իր դէմ հակառակութիւն կը գործէ եւ Ստեփանոս ստիպուած կ՛ըլլայ հեռանալու Հայաստանէն եւ երթալու Կ.Պոլիս, ուր կը հմտանայ յունարէն եւ լատիներէն լեզուներուն, ինչպէս նաեւ փիլիսոփայութեան եւ երաժշտութեան մէջ. Պոլսէն կ՛անցնի Աթէնք եւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ կը կատարէ հին փիլիսոփաներու եւ Սուրբ Հայրերու գրուածք-ներուն։ Իր համբաւը կը հասնի Լեւոն Կայսեր որ զինք կը հրաւիրէ դարձեալ Կ.Պոլիս եւ իր հաւատոյ դաւանութեան ճշդութիւնը ստուգելէ ետք` զինք կ՛ուղարկէ Հռոմ, ուրկէ ան ի վերջոյ կը դառնայ Հայաստան։ Սիւնեաց եպիսկոպոսը վախճանած ըլլալով` զինք կը կարգեն եպիսկոպոս, սակայն շատ երկար չի մնար գահին վրայ, որովհետեւ յանդիմանած ըլլալով բարձրաստիճան տիկին մը իր անբարոյ վարքին համար, այս վերջինը զինք դաշունահարելով կը սպաննէ։ Այսպէս դաժան մահով կը մեռնի մեծ Վարդապետը Ստեփանոս Սիւնեցին եւ կը թաղուի Թանահատի վանքին մէջ, 735 թուին։
Գրական մեծ ժառանգութիւն մը թողած է մեզի Ստեփանոս Սիւնեցի, մեկնաբանական, դաւանաբանական, թարգմանական եւ շարականագրական։ Իր անունով մեզի հասած են Մեկնութիւն չորից Աւետարանաց, Մեկնութիւն Դանիէլի, Մեկնութիւն Յովբայ, Մեկնութիւն Արարածոց, Մեկնութիւն Ժամակարգութեան, եւն... մեկնողական գրութիւնները. Ժամակարգութեան մեկնաբանութեան մէջ, ան շեշտը կը դնէ մասնաւորապէս հին ծիսական կարգերու պահպանման վրայ, հեռանալով որքան կարելի է օտարամոյծ տարրերէ. Պատարագի մեկնութեան մէջ` կը պաշտպանէ հայկական տարբերակը Սուրբ Աստուած-ին միւս եկեղեցիներէն եւ ծէսերէն, այսինքն որ խաչեցար-ի յաւելումը։
Չորս Աւետարաններու Մեկնութեան մէջ` նկատի առած է բացատրութիւնը աւետարաններու դժուարահասկնալի խօսքերուն եւ կատարած է բնագրային ճշդումներ։ Ունի նաեւ Վասն անապականութեան մարմնոյն Քրիստոսի դաւանաբանական գրութիւնը ուր մէջբերումներ կը կատարէ հայ եւ ոչ հայ բոլոր սուրբ Հայրերուն գրութիւններէն այս նիւթին շուրջ։
Սակայն Սիւնեցիի գլխաւոր գործը եղած է ստեղծումը եւ եղանակաւորումը հայկական ութը ձայներուն, որոնց համաձայն` տակաւին մինչեւ օրս կ՛երգուին մեր մարգարտահիւս շարականները։ Շնորհիւ Յոյներու մօտ իր ստացած երաժշտական գիտութեան, Ստեփանոս կարողացաւ օժտել հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը ամուր կառոյցով մը որ տոկաց դարերու ընթացքին եւ հասաւ մինչեւ մեր օրերը։ Իրաւամբ կարելի է ըսել թէ ան եղաւ Սիւն երկնի եւ խարիսխ հաւատոյ որպէս մատենագիր, աստուածաբան, մեկնիչ, թարգմանիչ, քերակնագէտ, երգիչ եւ բանաստեղծ։








All the contents on this site are copyrighted ©.