2012-07-24 12:27:27

Քրիստոնեայ Ամուսնացած Զոյգերը Եկեղեցւոյ Ժպտուն Դիմագիծն Են Կ՛ըսէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը:


3800 Ամունսացած Քրիստոնեայ զոյգեր կը զեկուցեն քրիստոնեայ ամուսնութեան մասին։

Քրիստոնեայ ամուսնացած զոյգերը << եկեղեցւոյ ժպտուն դիմագիծը թող ըլլան` հաւատքով սնուցուած սիրոյ լաւագոյն պատգամաւորները>>։ Այս է պատգամը զոր Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յղած է “Equipes Notre Dame” շարժումի, Պրազիլիայի մէջ կազմակերպուած 11րդ միջազգային հանդիպումի 7.600 մասնակիցներուն։
Անցեալ 21 յուլիսի սկիզբ առած այս միջազգային համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 59 տարբեր երկիրներէ Պրազիլ ժամանած քրիստոնեայ 3800 զոյգեր։ Ամունացեալ զոյգերու Հոգեւորութեան այս շարժումը հիմնուած է 1939-ին ֆրանսացի հայր Հանրի Գաֆարէլի ջանքերով։ 1970-ին Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ընթացքին Շարժումը` Հռոմի մէջ կը կազմակերպէ իր առաջին միջազգային հանդիպումը եւ 1975-ին կը ստանայ <<կաթողիկէ միջազգային ընկերակցութեան>> հանգամանք։

Վատիկանի Պետական Քարտուղարի ստորագրութիւնը կրող` Սրբազան Քահանայապետի պատգամի ընթերցումը կատարուեցաւ Հաւաքի Բացման արարողութեան ընթացքին։
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը բացայայտօրէն կ՛անդրադառնայ ընտանիքի եւ ամունութեան այսօրուայ ապրած դժուարութիւններուն մասին ընդգծելով թէ այս իրողութեան դիմաց քրիստոնեայ զոյգերը պարտականութիւնն ունին յայտնելու<<մարդկային սիրոյ խորագոյն իմաստը ու անոր հիմնական նշանակութիւնը>> որ է <<այր ու կին որ զիրար կը սիրեն, մանուկի մը ժպիտը, եւ օճախի մը խաղաղութիւնը>>։ Ասոր մէջ է որ կը յայտնուի ուրիշ սէր մը` Աստուծոյ անհուն սիրոյ ցոլացումը։
Նորին Սրբութիւնը ապա կը հրաւիրէ զոյգերու միջեւ յարատեւ երկխօսութիւն հաստատելու, միասնաբար դիմագրաւելու համար զոյգին ապրած դժուարութիւնները։ Սրբազան Հայրը հուսկ կը հրաւիրէ զոյգերը ըլլալու <<եկեղեցւոյ ժպտուն դիմագիծը. ամենալաւ ու ամենահամոզիչ սիրոյ գեղեցկութեան պատգամաւորները, որ սնունդ կ՛առնէ հաւատքէն, որ է Աստուծոյ բոլորին շնորհած պարգեւը վերագտներլու կեանքի իսկական իմաստը։

Նշենք որ “Equipes Notre Dame” շարժումի 11րդ միջազգային հաւաքը վերջ կը գտնէ 26 յուլիսին։







All the contents on this site are copyrighted ©.