2012-07-24 12:20:02

ՄԱԿը Կը Քննադատէ Պաքուի Զինարշաւը։


Հրապարակուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մունի «Աւանդական Սպառազինութիւններու Վերահսկումը՝ Տարածաշրջանային ու Ենթատարածաշրջանային Մակարդակներով» զեկոյցը, որուն մէջ ներկայացուած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ սպառազինութիւններու հետ կապուած իրավիճակը:
Զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, թէ Ատրպէյճան սպառազինութիւններ գնելու վտանգաւոր արշաւի մը սկսած է, խախտելով երկիրին վերապահուած զէնքերուն թիւերը, որոնք սահմանուած են Եւրոպայի մէջ աւանդական սպառազինութիւններու մասին պայմանագիրով:
«Ատրպէճան գերազանցած է պայմանագիրով սահմանափակուած երեք տեսակի սպառազինութիւններու քանակը: Ատրպէյճանցիները ունին 381 մարտական հրասայլ՝ (թոյլատրելի 220ին փոխարէն) հրետանային սպառազինութեան 518 միաւոր՝ (թոյլատրելի 285ի փոխարէն) եւ 287 մարտական զրահամեքենայ (թոյլատրելի 220ի փոխարէն) նշուած է զեկոյցին մէջ:
«Ատրպէյճանի անհետեւողական քաղաքականութիւնը բացասական մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ տարածաշրջանին մէջ վստահութեան ու համագործակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղուած Հայաստանի ջանքերուն վրայ», գրուած է ՄԱԿ-ի զեկոյցին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.