2012-07-24 12:13:47

Իրաքի Մէջ Շարք Մը Ականահարումներ 111 Զոհեր Կը Խլեն.


Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի եւ անոր հիւսիսը տեղի ունեցած ականահարումներու շարքը 111 զոհեր խլած է եւ 230 վիրաւորներ կան : Զոհերուն մեծամասնութիւնը ապահովական ուժերու անդամներ էին, որոնք կը թուին ըլլալ՝ յարձակումներուն գլխաւոր թիրախը ։
Ամէնէն արիւնալի յարձակումներէն մէկը տեղի ունեցաւ Պաղտատէն քսան քիլոմեթր հիւսիս գտնուող եւ սիւննիներով բնակուած Թաժիի մէջ, ուր առնուազն 24 զոհեր արձանագրուեցաւ:
Իրաքեան 13 քաղաքներ թիրախ դարձան յարձակումներուն, որոնք ըստ երեւոյթին համակարգուած էին:
Պաղտատի Շիի թաղամաս Սատըրի մէջ կառավարական շէնքի մը դէմ յարձակում մը 12 զոհեր պատճառեց: Առնուազն եօթը ականուած ինքնաշարժներ թիրախ դարձուցին հիւսիսային Իրաքի քարիւղով հարուստ Քերքուք քաղաքը:
Յարձակումի ենթարկուեցան նաեւ Տուլույա, Սաատիա, Խան Պենիսաատ, Թուզ Խուրմաթու եւ Տըպըս շրջանները:
Յարձակումներէն քանի մը օր առաջ ինքզինք իբրեւ Իրաքի մէջ Ալ-Քայիտայի ղեկավար հռչակած Ապուպաքր Պաղտատին, ամերիկեան ուժերուն անցեալ դեկտեմբերին հեռանալէն առաջ, Ալ-Քայիտայի նահանջած շրջաններուն վերատիրանալու նոր արշաւ մը յայտարարած էր :
Ան ձայնագրուած պատգամի մը մէջ ըսաւ, որ «Իրաքի մէջ սիւննիներու մեծամասնութիւնը կը զօրակցի Ալ- Քայիտայի ու անոր վերադարձին կը սպասէ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.