2012-07-24 12:27:17

Էջ Մը Հայոց Պատմութենէն
ԱՇՈՏ Բ. ԵՐԿԱԹ (915-928)


Աշոտ Բ.` Տէր Հայաստանի (915)
Սմբատի նահատակութիւնը մեծ ազդեցութիւն գործեց հայ նախարարներուն եւ նաեւ Գագիկ Արծրունիի վրայ, որոնք իրենց զէնքերը դարձուցին Եուսուֆ ոստիկանին դէմ։ Մինչ այդ` Սմբատի երկու որդիները, Աշոտ եւ Աբաս, փոքր բայց քաջարի խումբերով, վերագրաւեցին բոլոր երկիրը, շատ մը գերիներ ազատեցին եւ ի վերջոյ 915 թուին` Աշոտ Բ. պսակուեցաւ Հայոց թագաւոր։ Հայ իշխանները, քաջալերուած այս փայլուն յաղթանակներէն, դարձեալ միացան իրենց թագաւորին, որ տիրեց Շիրակի, Բագրեւանդի, Գուգարքի եւ Արշարունիքի վրայ. Կովկասեան միւս ազգերն եւս ընդունեցան Աշոտի գերակայութիւնը եւ գործակցեցան անոր հետ։ Աւա՜ղ սակայն այս համաձայնութիւնը երկար պիտի չտեւէր եւ ներքին ու ընտանեկան կռիւները դարձեալ տակնուվրայ պիտի ընէին Աշոտի թագաւորութիւնը։
Աշոտ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ
Հայ թագաւորին քաջութիւնները իմանալով` Պոլսոյ Կոստանդին Պորֆիրոժէն կայսրը, (որ ինք եւս ծագումով հայ էր) հրաւիրեց զինք Բիւզանդական մայրաքաղաքը, զինուորական դաշինք կնքելու։ 921 թուին Աշոտ մեծ պատուիրակութեամբ մը գնաց Պոլիս, ուր շքեղ ըդունելութիւն կատարեցին իրեն. Ան զարմացուց պալատականները երբ հաստ երկաթ մը ոլորեց իր ձեռքերով. Ասոր վրայ է որ անունը մնաց Աշոտ Երկաթ։ Կայսրը զինք պատուեց եւ շատ ճոխ նուէրներով ետ ուղարկեց Հայաստան։ Իրեն ընկերացաւ նաեւ Բիւզանդական փոքր բանակ մը, որ պիտի օժանդակէր Հայաստանի խաղաղեցման գործին մէջ։
Աշոտ Բռնաւոր` ընդդէմ Աշոտ Երկաթի
Օգտուելով իր բացակայութենէն` Եուսուֆ ոստիկանը, յետ կաշառելու Հայաստա-նի սպարապետը`( ան ալ կը կոչուէր դարձեալ Աշոտ) եւ թագաւորի հօրեղբօրորդին էր, զինք կարգեց հակա-թագաւոր Հայաստանի եւ աթոռը հաստատեց Դուինի մէջ։ Աշոտ նախ խնդրեց Յովհաննէս Պատմաբան կաթողիկոսէն որ միջամտէ իր եւ զարմիկին միջեւ եւ աւելորդ տեղ չթափուի հայկական արիւնը, սակայն Աշոտ Բռնաւոր մտիկ չըրաւ եւ պատերազմ տեղի ունեցաւ Դուինի պարիսպներուն տակ. Աշոտ Երկաթ յաղթանակը տարաւ եւ Բռնաւորը ստիպուեցաւ հրաժարիլ թագէն եւ հեռանալ Հայաստանի սահմաններէն, 922 թուին։
Ներքին պատերազմներ – Աշոտի մահը (928)
Ուրիշ դաւաճանութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ Ուտեցիներու կողմէ, իրենց Մովսէս իշխանի առաջնորդութեամբ. Աշոտ պարտութեան մատնեց զանոնք եւ Մովսէսի աչքերը կուրցուց։ Ապա իր դէմ դաւաճանութիւն գործեց Գուգարքի Գուրգէն իշխանը որ փորձեց զինք սպաննել, սակայն չյաջողեցաւ. Յետագային զինքն ալ բռնեց եւ աչքերը կուրցուց։ Երրորդ ապստամբութիւնը եկաւ իր հարազատ աներհօր կողմէ, որ Գարթմանի իշխան` Սահակն էր, եւ մօտ 8000 զինուոր հաւաքած էր իր փեսային դէմ. Աշոտ յաջողեցաւ զինք եւս նուաճել եւ երկիրը խաղաղեցնել. Այդ ժամանակ Պաղտատի խալիֆան զինք անուանեց ՝՝Շահնշահ՝՝, այսինքն թագաւորներու թագաւոր։ Ատրպատականի նոր ոստիկանը` Պեշիր փորձեց նուաճել Հայաստանը, սակայն Աշոտ անոր վրայ եւս փառաւոր յաղթանակ մը տարաւ Սեւանի մօտ։ Յոգնած 16 տարուայ շարունակական պատերազմներէ, Աշոտ որ գահաժառանգ չունէր, կանչեց իր Աբաս եղբայրը եւ, յետ իրեն յանձնելու Հայաստանի թագաւորութիւնը, մեռաւ 928 թուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.