2012-07-23 11:59:05

Սուրիա։ Բախումները Կեդրոնացած՝ Դամասկոսի Եւ Հալէպի Մէջ.


Սուրիոյ մէջ կը շարունակուին բախումները` բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներուն միջեւ: Շաբաթավերջին կռիւները կեդրոնացան մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, ինչպէս նաեւ Հալէպի եւ Տէր Զօրի Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնատեղիներուն շուրջ,հաշուէկշիռը 1260 մեռեալներ,եւ թէ 19հազար քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն ասդին։ Սուրիոյ ապահովական ուժերը ուղղաթիռներով ռմբակոծեցին ընդդիմադիրներու կեդրոններ եւ յայտարարեցին, թէ 24 կամ 48 ժամուան ընթացքին կ՛աւարտեն «Դամասկոսը զինեալներէ մաքրելու գործողութիւնը»: Ապահովական ուժերը նոյնպէս Հալէպի մէջ կատարեցին լայնածաւալ գործողութիւններ։
Միւս կողմէ, սուրիական բանակը իր հակակշիռին տակ առաւ Իրաքի սահմանին վրայ գտնուող եւ ընդդիմադիր զինեալներուն կողմէ գրաւուած երկու սահմանակէտերէն մէկը, մինչ ընդդիմադիր ուժերը յայտարարեցին, որ գրաւած են Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող սահմանակէտ մը` դիտել տալով, որ «սահմանակէտերու գրաւումը ռազմավարական կարեւորութիւն մը չունի, այլ միմիայն կը ծառայէ հոգեկան ճնշում բանեցնելու նախագահ Ասատին վրայ»:
Այլ գետնի վրայ, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը յայտնած որ թրքական բանակը իր ուժերը կը խտացնէ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ եւ հակաօդային հրթիռներու սարքեր ու հրասայլեր կ՛ուղարկէ սահման:








All the contents on this site are copyrighted ©.