Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Փարիզի Մէջ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Նոր Թեմ Մը Կը Հսատատէ։
ֆրանսայի եպիկոպոսական համահաւաք դասի տեղեկատութեան համաձայն անցեալ 21 յուլիսին Սրբազան
Քահանայապետը Գերապածառ Նասէր Ժմայելը անուանած է որպէս Մարոնիթ եկեղեցւոյ` Փարիզի <<Լիբանանու
Տիրամայր>> Թեմի նոր առաջնորդ։ Գերապածառ Ժմայելը ծնած է 1951-ին լիբանանու մէջ։ Քահանայական
ձեռնադրութիւնը ստացած 1981-ին եւ մինչեւ օրս լիբանանու <<Մար Թաքլա>> անուան ժողովրդապետութեան
հովութիւնը կը վարեր։
Միեւնոյն օրը Նորին Սրբութիւնը 52 ամեայ գերապայծառ Պորիս
Կուտզիաքը անուանած է ֆրանսայի Ուգրանացի հաւատացեալներուն առաքելական Էքզարք։Ան մինչեւ
օրս Լվովի Ուգրանական կաթողիկէ համալսարանի Րէկտորի պաշտօնը կը վարեր։