2012-07-20 12:30:59

Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան Այցելութեան Յատկացուած Պաշտօնական Կայքէջ։


Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան առթիւ, այցելութեան կազմակերպիչ յանձնախումբը հանրութեան ներկայացուցած է Առաքելական Ճամբորդութեան յատկացուած պաշտօնական կայքէջը:

Սրբազան Հօր առաքելական ճամբորդութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 14-էն 16 սեպտեմբեր, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ 2010-ին գումարուած՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Եպիսկոպոսկան Սիւնհոդոսի յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրը

Լիբանան կեցութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Պէյրութ, Հարիսա, Պաապտա, Զմմառ, Պքերքէ եւ Շարֆէ։

Վերոյիշեալ կայքէջը հասանելի է չորս լեզուներով՝ արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ իտալերէն։ Ան կընդգրկէ այցելութեան յայտագիրը, Սրբազան Հօր կեանքն ու կենսագրականը եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու պատմութիւնը։

Կայքէջին հասցէն է՝

Այս առթիւ կազմակերպչական մարմինը նաեւ յատուկ էջեր բացած է «Facebook», «Twitter» եւ «Youtube» համացանցային կայքէրուն մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք այցելութեան լուրերուն կարելի է նաեւ հետեւիլ Radiovatican-ի եւ հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջի միջոցաւ հետեւեալ հասցէին :








All the contents on this site are copyrighted ©.