Պատերազմ Դամասկոսի Մէջ։ Ռուսաստանն Ու Չինաստանը ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի Սուրիոյ Բանաձեւին Վրայ
Վեթօ Դրած ..
Սուրիան քաոսական վիճակի մէջ ,ներառեալ մայրաքաղաք Դամասկոսը որ դարձած է պատերազմի
դաշտ , ուր կեդրոնացած են բախումները յատկապէս նախագահական նստավայրի եւ կառավարական
շինութիւններու մերձակայքը: Միւս կողմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի մշտական անդամներ
Չինաստանն ու Ռուսաստանը արգելափակեցին Սուրիոյ իրավիճակին վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը:
Մեծն Բրիտանիոյ ներկայացուցած բանաձեւը պաշտօնական Դամասկոսի նկատմամբ նոր, եւ աւելի
խիստ պատժամիջոցներու կիրառում կը նախատեսէր: Այսօր այսպէս կոչուած Սուրիոյ Ազատ
Բանակը յայտարարած է, թէ գրաւած է թուրք-սուրիական սահմանի Պապ էլ Հաուա սահմանային կէտը։
Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Թուրք-սուրիական
սահմանի մօտակայքը գտնուող սուրիական գիւղերուն մէջ ընթացած մարտերուն ընթացքին կառավարական
զօրքերը ետ քաշուած են, եւ սահմանը այժմ կը վերահսկեն ընդդիմադիր ուժերը: Միշտ այսօր
Սուրիական Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած որ Սուրիական Կանոնաւոր Բանակը Դամասկոսի
Մայտան թաղամասը ձերբազատած է զինեալներէն։ Սուրիոյ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան
Կազմակերպութեան տուեալներով՝ Սուրիոյ 16 ամիս շարունակուող բախումներու հետեւանք
զոհուած են 17 հազար 192 հոգի: Արաբական լրատուամիջոցներու համաձայն `զոհուածներու
11 հազար 897-ը պարզ քաղաքացիներ ,իսկ 4348-ը զինեալներ: