Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Ծիսագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան
Համագումարին:
Ծիսագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան չորրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ
Լիբանանի Լուէյզէ Համալսարանին մէջ: Համագումարին մասնակցեցան շուրջ 50 ծիսագէտներ ու
համալսարանի դասախօսներ՝ Յունաստանէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն,
Աւստրիայէն, Շուէտէն, Անգլիայէն, Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն ու Հնդկաստանէն:
Համագումարի ընթացքին, ներկայացուեցան մասնագիտական դասախօսութիւններ՝ յատկապէս
Արեւելեան ծէսին առնչուող նիւթերու մասին: Այս ծիրէն ներս յատուկ տեղ տրուած էր հայ եկեղեցւոյ
ծէսին հետ աղերս ունեցող կարգ մը նիւթերու:Համագումարի դասախօսներէն մէկն էր Քալիֆորնիոյ
Համալսարանի Հայագիտական Ամպիոսնի վարիչ Դոկտ. Փիթըր Քաուի: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարի Լուսարարապետ
Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան: Համագումարի վերջին օրը համագումարի մասնակիցները այցելեցին
Վեհափառ Հայրապետին՝ լսելու իր պատգամը: