2012-07-20 12:34:14

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն Մասնակցած Է Ընտրողներուն Հարիւրէն 73 Տոկոսը. ԼՂՀ Նախագահական Ընտրութիւններուն 67.70%-ով Կը Յաղթէ Բակօ Սահակեան ։


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Ռաշիտ Պետրոսեան (19 Յուլիսին) երէկ կը հրապարակէր ԼՂՀ ԿԸՅ հաղորդագրութիւնը ՝ըստ որուն` ԼՂՀ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցած են 72.833 հոգի, այսինքն՝ ընտրողներուն 73.43%-ը: Յիշեցնենք, որ ԼՂՀ նախագահի պաշտօնին համար կը մրցէին երեք թեկնածուներ` գործող նախագահ Բակօ Սահակեան, ԼՂՀ հերոս Վիտալի Բալասանեան եւ Հայաստանի համալսարանի Արցախի մասնաճիւղի ուսումնական փոխտնօրէն Արկադի Սողոմոնեան:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու նախնական տուեալներով 67.70%-ով յաղթանակ կը տանի ԼՂՀ գործող նախագահ Բակօ Սահակեան: ԼՂՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը՝ առ այժմ ստացած է արձանագրութիւններու հարիւրէն 57%-ը:
Երկրորդ տեղը յայտնուած է Վիտալի Բալասանեան, որ, ըստ նախնական տուեալներու, դեռ հաւաքած է ընտրողներու 31.40%–ի վստահութեան քուէն, իսկ Հայաստանի համալսարանի Արցախի մասնաճիւղի ուսումնական գծով փոխտնօրէն Արկադի Սողոմոնեան, նախնական տուեալներով, հաւաքած է 0.90% ձայն:Այս պահուն դեռ կ՛ընթանան հաշուարկի գործընթացը, աւելի ուշ պիտի ըլլան բոլոր ընտրատեղամասերուն արդիւնքները եւ ԼՂՀ ԿԸՅ-ն պիտի հրապարակէ պաշտօնական
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռոպերթ Պրատդգէ (ԱՄՆ), Իկոր Պոպով (Ռուսաստան) եւ Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա) հանդէս եկած են յայտարարութեամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
Համանախագահները կ՛ընդունին այն անհրաժեշտութիւնը, որ ԼՂ-ի փաստացի իշխանութիւնները կը փորձեն այս գործընթացով ժողովրդավարօրէն ապահովել բնակչութեան հանրային կեանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.