2012-07-20 12:52:21

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Ընտրական Ընդհանուր Ժողովը.


Ուրբաթ 20 յուլիս 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք` Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Հռոմի Մոնթեվերտէ շրջանի մէջ գտնուող միաբանութեան Մայր Տան մէջ սկիզբ առաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան ընտրական ընդհանուր Ժողովը որուն ընթացքին նախատեսուած է նաեւ` Միաբանութեան նոր մեծաւորուհիի ու անոր խորհրդականներու ընտրութիւնը։

Այս առթիւ աշխարհի տարբեր վայրերէն Հռոմ ժամանած են միաբանակից 25 քոյրեր.

Հայ Ժողովուրդի պատմութեան մէջ աննախնդաց իրականութիւն մըն է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը որ ծնունդ առած է 19րդ դարու կէսին Պոլսոյ մէջ։

Միաբանութեան Հիմնադիրն է Անտոն Պետրոս Թ Հասունեան Պատրիարք - Կարտինալը որ Մայր Սրբուհի Հաճի Անտոնեանի աջակցութեամբ 5 յունիս 1843 ին սկիզբ կու տան միաբանութեան դաստիարակչական գործունէութեան։ 5 յունիս 1847-ին միաբանութիւնը կը վավերացուի <<Ի պատիւ Անարատ Յղութեան Ամենասրբուհի Կուսին Մարիամու>> տիտղոս կրող կոնդակով՜։

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան առաքելութիւնը կը կայանայ երեք կէտերու մէջ` դաստիարակութիւն, զարգացում եւ մարդակերտում։








All the contents on this site are copyrighted ©.