Սկիզբ Առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նախաձեռնած Յուշամատեաններու Հրատարակութիւնը։
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով այլ ձեռնարկներու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսին անմիջական հսկողութեամբ նախաձեռնած է Արեւմտեան
Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայահոծ շրջաններու նուիրուած յուշամատեաններու հրատարակութեան:
Շուրջ 100 հատորներէ բաղկանալիք յուշամատեաններու հրատարակութեան այս եզակի ծրագիրը արդէն
իսկ գործնական ընթացքի մէջ մտած է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս
տեսաւ յուշամատեաններու շարքին առաջին հատորը` Բիւզանդ Եղիայեանի հեղինակութեամբ «Պատմութիւն
Ատանայի հայոց»: Հատորը կը բաղկանայ աւելի քան 100 էջերէ. անոր մեկենասն է Ապու Տապիէն
տէր եւ տիկին Գրիգոր Մահսերեճեան: Իւրաքանչիւր հատորին տպաքանակը պիտի ըլլայ 1000
օրինակ, եւ օրինակներ պիտի տրամադրուին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր մատենադարաններուն,
կրթական ու մշակութային կառոյցներուն եւ հայրենակցական միութիւններուն: Շարքին երկրորդ
թիւը` «Պատմութիւն Հաճնոյ հայոց»ն է որ տպագրութեան ընթացքի մէջ է: