2012-07-18 11:39:04

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ի Պատիւ Նուագահանդէս Գասթէլկանտոլֆոյի Մէջ,Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ճորճօ Նափոլիթանոյի Ներկայութեամբ՝Սուրբ Պենետիկտոսի Տօնին Օրը։


Հռոմի շրջանի Գասթէլկանտոլֆոյի Պապական ամարանոցի շքեղ ներքնաբակին մէջ երէկ ուշ միջօրէին տեղի ունեցաւ նուագահանդէս մը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ի պատիւ,Սուրբ Պենետիկտոսի Տօնին օրը, ներկայաութեամբը նաեւ Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ճորճօ Նափոլիթանոյի ու իր կողակիցին։
Պեեթհովէնի 6րորդ եւ 5րորդ Սէնֆոնիան մեկնաբանեց Վէսթ-Իսթըր Տիվան կոչուած Նուագախումբը ղեկավարութեամբը աշխարհահռչակ ղեկավար Տանիէլ Պարէնպօիմ-ի։ Այս եզակի նուագախումբը 13 տարի առաջ ծնունդ առած նոյնինքն երաժշտագէտ Տանիէլ Պարէնպօիմ-ի ու Էտուարտ Սաիտ-ի ջանքերով, կազմուած է Միջին Արեւելքի Երկիրներու հրեայ,իսլամ եւ քրիստոնեայ երիտասարդ երաժիշտներէն։
Նուագահանդէսի աւարտին արտասանած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ՝՝Խաղաղութեան հասնելու համար յանձնառու պէտք է ըլլալ,մէկ կողմ թողլով բռնութիւնը ու զէնքերը, պարտաւորուիլ անձնական ու հաւաքական ապաշխարութեամբ,ինչպէս նաեւ երկխօութեամբ ու կարելի համաձայնութիւններու համբերատար հետազօտութեմբը։ Երաժշտութիւնը (աւելցուց Սրբազան Հայրը) ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ՝՝տարբերութիւններու ներդաշնակութիւնը՝՝ ։
Հանդէսի վերջաւորութեան Իտալիոյ հանրապետութեան Նախագահը ու իր կողակիցը սեղանակից եղան Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին։








All the contents on this site are copyrighted ©.