Կիրակի 5 օգոստոս 2012 Բարեկենդան Աստուածածնի Մարկ. Բ, 13-17
13 Դարձեալ գնաց ծովեզերք: Ամբողջ բազմութիւնը իրեն կու գար, եւ անոնց կը սորվեցնէր: 14
Երբ կ'անցնէր` տեսաւ Ղեւի Ալփէոսեանը, որ մաքս ընդունելու տեղը նստած էր, եւ ըսաւ անոր.
«Հետեւէ՛ ինծի»: Ան ալ կանգնեցաւ ու հետեւեցաւ իրեն: 15 Երբ *սեղան նստած`` էր անոր
տան մէջ, շատ մաքսաւորներ ու մեղաւորներ ալ սեղան նստած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն
հետ. որովհետեւ շատե՛ր կը հետեւէին անոր: 16 Երբ դպիրներն ու Փարիսեցիները տեսան թէ
ան կ'ուտէ մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ, ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ կ'ուտէ
ու կը խմէ մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ»: 17 Երբ Յիսուս լսեց` ըսաւ անոնց. «Ո՛չ
թէ առողջներուն բժիշկ պէտք է, հապա` հիւանդներուն: Ես եկայ ո՛չ թէ արդարները կանչելու,
հապա` մեղաւորները*»: