2012-07-17 12:08:41

Հայ Առաքելական եւ Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Յարաբերութիւնները Աչքի Կը Զարնեն Իրենց Ջերմութեամբ. Կ՝ըսէ Գարեգին Բ.Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը.


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունած է( երէկ) Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին` ուղեկցութեամբ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ պապական նուիրակ Մարեկ արքեպիսկոպոս Սօլչինսքիի եւ Հայաստանի, Վրաստանի ու Արեւելեան Եւրոպայի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանի։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ ողջունած է Կարտինալի այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին` արձանագրելով, որ Հայ Առաքելական եւ Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու պատմականօրէն նուիրագործուած յարաբերութիւնները աչքի կը զարնեն առանձնակի ջերմութեամբ:
Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ ընդգծած է Մայր Աթոռի եւ Վատիկանի միջեւ կրթական եւ հասարակական ոլորտներուն մէջ առկայ արդիւնաւէտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերյիշած է իր հանդիպումները Յովհաննէս Պօղոս Բ. երջանկայիշատակ Պապի եւ Հռոմի Պենետիքթոս ԺԶ քահանայապետին հետ: Ապա, անդրադառնալով նաեւ Կարտինալ Սանտրիի հետ ունեցած հանդիպումներուն, Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատած է Կարտինալի առանձնայատուկ վերաբերմունքը հայ ժողովուրդի եւ Հայոց Եկեղեցիի հանդէպ:
Խօսելով քոյր Եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան մասին` Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս ընդգծած է, որ Քրիստոսի Եկեղեցին պէտք է սիրոյ միութեան մէջ ըլլայ` պատմական զարգացումներու իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած արժէքային համակարգերու լիարժէք, անխաթար պահպանութեամբ, որ պիտի նպաստէ քրիստոնէական առաքելութեան յաջող իրագործման:
Հանդիպման առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Կարտինալ Սանտրիի միջոցով եղբայրական իր սէրն ու ողջոյնները փոխանցած է Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին:
Իր հերթին, Կարտինալ Սանտրի եւս ուրախութիւն յայտնած է հանդիպման առիթով եւ անդրադարձած Հայ Եկեղեցւոյ հետ Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եղբայրական յարաբերութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ անոնք աւելի պիտի սերտանան ու զօրանան: Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին փոխանցած է նաեւ Պենետիքթոս ԺԶ պապի ջերմ ողջոյնները:
Հանդիպման ընթացքին ներկայ եղած են նաեւ Մայր Աթոռի Հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան եւ Մայր Աթոռի Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան: Հանդիպումէն ետք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին այցելած են Մայր Տաճար, եւ աղօթած Իջման Ս. Սեղանի առջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.