2012-07-16 14:05:04

Սուրիոյ Մէջ ՄԱԿ-ի Դիտորդները Կը Հետաքննեն Թրեմսէի Սպանդը։ Միջազգային Կարմիր Խաչը Ընդհարումը Կը Դասակաւորէ Որպէս ՝՝ Քաղաքացիական Պատերազմ՝՝ ։


Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի դիտորդները մեկնած են Թրեմսէ գիւղ` հաւաքելու զանգուածային սպանդի մասին տուեալներ, որոնց համաձայն ատիկա տեղի ունեցած է Հինգշաբթի օրը։ Եթէ այս սպանդի իսկութիւնը հաստատուի, ապա ան կը համարուի վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ամենամեծ կոտորածը: Թրեմսէն կը գտնուի Համա քաղաքէն 25 քմ. հիւսիս-արեւմուտք: Այստեղ Հինգշաբթի օրը մօտաւորապէս 200 հոգի սպաննուած է, որ միջազգային հանրութիւնը խստօրէն դատապարտած է:Սուրիոյ իշխանութիւնները կը պնդեն, որ Թրեմսէի մէջ ռազմական գործողութիւն իրականացուած է զինեալներուն դէմ, իսկ քաղաքացիական անձերու կողմէ զոհերուն մասին լուրերը պաշտօնապէս չեն հաստատուիր:
Բայց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Հիլարի Քլինթին յայտնած է, որ «անվիճելի ապացոյցներ գոյութիւն ունին այն մասին, որ վարչակարգը կանխամտածուած սպաննած է խաղաղ քաղաքացիները»: ԱՄՆ-ն , Ֆրանսան եւ Մեծ Բրիտանիան ՄԱԿ-էն պահանջած են համակարգել գործողութիւնները` ընդունիլ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 7-րդ գլուխի համաձայն բանաձեւ, որ թոյլ կու տայ ռազմական միջամտութիւն իրականացնել Սուրիոյ նկատմամբ: Միւս կողմէ Միջազգային կարմիր Խաչը Սուրիոյ ընդհարումը դասաւորած է որպէս ՝՝ քաղաքացիական պատերազմ՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.