2012-07-16 14:00:30

Արեւելեան Եկեղեցիներու Կառավարիչ՝ Կարտինալ Սանտրիի Այցելութիւնը՝ Հայաստան։


Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրի եւ իրեն ընկերակցող շքախումբը 14 Յուլիսին երեկոյեան՝ հասան Գիւմրի ուր ընդունուեցան բարձրաստիճան եկեղեցականներու, քաղաքական անձնաւորութեանց ու կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ Միութիւներու ներկայացուցիչներու կողմէ, ապա Ծիրանաւորը ուղղուեցաւ “Տիրամայր Հայաստան” Կեդրոնը ուր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ սիրոյ սեղան։
Կիրակի 15 Յուլիսին կարտինալը այցելեց Տաշիր, ուր ՜՜Ս. Աստուածածին՝՝ վերանորոգ Եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց Հայածէս Ձայնաւոր Ս. Պատարագը ու նաեւ սոյն Եկեղեցւոյ օծումը կատարեց։
Յետ միջօրէին հանդիպում ունեցաւ հայ կաթողիկէ երիտասրարդներուն հետ, ապա անցաւ Գիւմրի ուր այցելեց ՜՜Հայկական Գարիթասի՝՝ կեդրոնը եւ հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը։

Իսկ երկուշաբթի 16 Յուլիսին,Կարտինալը պաշտօնական այց կատարեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին։
Երեւանի Քանաքեր կեդրոնի մէջ կարտինալը մասնակցեցաւ իրեն եւ իր շքախումբին ի պատիւ սարքուած սիրոյ սեղանին։
Երեկոյեան համար նախատեսուած է Կարտինալին հանդիպումը Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դեսպաններու հետ։
Երեքշաբթի 17 յուլիսին՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կառավարիչը պիտի այցելէ Ծիծերնակաբերդը յարգանքի տուրք մատուցելու Մեծ Եղեռնի զոհերուն , նաեւ պիտի այցելէ մատենադարանը նախատեսուած է նաեւ հանդիպում Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ։
Հուսկ Չորեքշաբթի 18 յուլիսին Կարտինալ Սանտրի Աշոցքի մէջ Ս Պատարագ պիտի մատուցէ, այս առթիւ պատրաստուած է ընդունելութիւն մը՝ ի յարգանս Ծիրանաւորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.