2012-07-14 12:13:26

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը Կը Պատրաստէ Իր Նոր Գիրքը Նուիրուած Յիսուսին։ Սրբազան Հօր Խորհրդածութիւնները Սուրբ Ընտանիքի Մասին։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը օգտուելով արձակուրդի ներկայ ժամա նակաշրջանէն,Գասթէլկանտոլֆոյի մէջ կ՝աշխատի իր նոր գրքի պատրաստութեան, որ պիտի կազմէ երրորդ մասը իր նախկին գրի առած ու Յիսուսի նուիրուած ՝՝Նազովրեցի Յիսուսը՝՝ Հատորին ։ Այս մասին արտայայտուեցաւ Վատիկանի մամլոյ հաղորդագրութեանց Գրասենեակի բանբերը ու միաժամանակ Ռատիօ Վատիկանի Ընդհանուր Տնօրէնը Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտի ։
Արդարեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Յիսուսի Նուիրուած իր նախկին երկու հատորներուն մէջ խորհրդածութիւններ կը կատարէ ՝՝ Յիսուսի մանկութեան վրայ, ու անոր իր ծնողքէն այն է Սուրբ Ընտանիքէն ստացած կրթութեան վրայ Նազարէթի մէջ՝՝ ։
Բեթղեհէմ փոքր քաղաքի մէկ քարայրին մէջ, (երկիրը Յուդայի) աւելի քան երկու հազար տարի առաջ կը ծնի Մանուկ մը որ պիտի փոխէ աշխարհի պատմութիւնը։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը արդարեւ կը հրաւիրէ հաւատացեալները կանգ առնելու Ծնունդի բեմին առջեւ ։ Այս դէպքի առաջին վկաները՝ Հովիւները ոչ միայն կը գտնուէին Մանուկին առջեւ այլ նաեւ կը գտնուէին Մարիամի ու Յովսէփի առջեւ։ Աստուած (կ՝ըսէ Սրբազան Հայրը ) ուզեց յայտնուիլ ծնելով մարդկային ընտանիքի մը մէջ,ուստի մարդկային ընտանիքը դարձաւ՝ սրբանկարը Աստուծոյ՝՝։
Ընտանիքը որպէս ՝՝սրբանկար Սուրբ Երորրոդութեան միջ-անձնական սիրոյ համար՝՝ Պենետիկտոս ԺԶ.ի ամենէն շատ սիրած թէմաներէն մին է։ Եւ թէ նման Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին Նորին Սրբութիւնը կը խրախուսէ ընտանիքները ըլլալու ՝՝ առտնին Եկեղեցիներ՝՝ ,միասին աղօթել եւ ՝՝ սորվիլ աղօթել հանդերձ ընտանեօք՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.