2012-07-14 11:28:54

2012-ը Հայ Գիրքի Տարի Հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կողմէ։


Այսօր կը խօսինք Վահան Զանոյեանի «Վերադարձ» քերթողագիրքի մասին։ Երեւանի մէջ «Էդիթ պրինտ» տպարանէն լոյս տեսաւ (2010-ին) Վահան Զանոյեանի «Վերադարձ» խորագրեալ քերթողագիրքը, որ կը բաղկանայ 96 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 16 քերթուածներ, որոնք տպուած են նոյն հատորին մէջ թէ՛ մեսրոպեան եւ թէ՛ ներկայ Հայաստանի մէջ որդեգրուած ուղղագրութեամբ:
Զանոյեան կ՛ըսէ, թէ Խորհրդային Միութեան վարչակարգի տապալումէն ետք յառաջ եկաւ քաղաքական նոր իրադարձութիւն մը, երբ Հայաստան վերագտաւ իր անկախութիւնը. եւ ակնարկելով պատմական այս երեւոյթին, Զանոյեան կ՛ըսէ, թէ իր սիրտը լեցուեցաւ անհուն ուրախութեամբ: Թէ` այս հոգեվիճակին անմիջական դրսեւորումն է «Վերադարձ» խորագրեալ երախայրիք քերթողագիրքը, որուն հիմնական ենթահողը կը հանդիսանայ հայրենի բնաշխարհը` իր ձորերով ու դաշտերով, իր ծաղկագեղ բնութեամբ եւ հինաւուրց իր վանքերովն ու հոյակերտ բերդերովը: Ան կ՛արտայայտէ իր ամենաջերմ զգացումները հայրենիքի հանդէպ այն խոր գիտակցութեամբ, թէ Հայաստան ոգեղէն յատկութիւններով օժտուած տեսիլք մը չէ այլեւս, որուն կը ցանկար հայրենաբաղձ հայու մշտամորմոք կարօտով, այլ կենդանի եւ հոգեհաղորդ իրականութիւն է, որուն օրհնաբեր ներկայութեամբ կը հրճուի ամէն վայրկեան…
Հայաստան, կ՛ըսէ Զանոյեան, երազային վայելչութեամբ օծուն` իր դրախտավայրն է, զոր կ՛երազէ անքուն սիրահարի մը պէս եւ ափսոսանքով կը վերյիշէ իր կեանքի այն թանկագին տարիները, որոնք կորսուեցան հայրենի բնաշխարհէն հեռու, օտար ոստաններու մէջ:
1989-ին՝ Զանոյեան Հայաստան կ՝այցելէ ու ապա այնտեղ կը կերտէ իր հարազատ օճախը, իր հայրենիքին «գոհարազարդ երկնքի տակ» կ՛ըմբոշխնէ Վայոց Ձորի խորհրդաւոր լռութիւնը, հայկական լեռնաշխարհի գեղեցկութիւնը, հայրենի ծխաններէն բարձրացող ծուխը եւ սրբախորհուրդ այն իմացումները, որոնք դարերէ ի վեր եղած են անբաժան երեւոյթները մեր դարաւոր անցեալի ոգեղէն իրականութեան…
Զանոյեան իր քերթողագիրքը «Վերադարձ» կոչած է՝ այն ըմբռնումով, որ հայրենի հողին վրայ, անկախութենէն ետք, սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ եղած շփումներու պատճառով տեղի կ՛ունենայ «լեզուներու, գաղափարներու, կեցուածքներու, մտածելակերպերու, կենցաղներու բախումը»: Կ՛ըսէ, ըստ գրող Յակոբ Մանուկեանի, թէ այդ բախումը իր լեզուական, ոգեկան եւ զգացական այլազան դրսեւորումներով կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Իմացական հակադիր այս գաղափարներուն արտայայտիչն է Վահան Զանոյեան… Հեղինակին (Վահան Զանոյեանի) յաջորդ գործը «Եզրէն դուրս» խորագրեալ 200 փոքրակազմ էջերէ բաղկացեալ քերթողագիրքն է, լոյս տեսած՝ 2011-ին, Երեւանի «Էդիթ պրինտ» տպարանին մէջ, անիկա կ՛ընդգրկէ 27 քերթուածներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.