2012-07-13 15:54:38

Կաթողիկէ-Իսլամ Միացեալ Կոմիտէի Արտակարգ Ժողովը Հռոմի մէջ։


Կաթողիկէ-Իսլամ Միացեալ Կոմիտէն 10 Յուլիսին կատարեց արտակարգ ժողով մը Հռոմի մէջ, գլխաւորութեամբը՝ կաթողիկէներու կողմէ Կարտինալ Ժան Լուի Թորան-ի Միջ-կրօնական Քահնայապետական Խորհուրդի Նախագահը,իսկ մահմէտականներու կողմէ Փրոֆ.Համիտ Պին Ահմատ ալ-Ռիֆաիէ՝ Երկխօսութեան Իսլամական Միջազգային ֆորումի նախագահը։
Ժողովի մասնակցիները փոխանակեցին կարծիքներ՝ աշխարհի ներկայ կացութեան մէջ քրիստոնեաներու ու մահմէտականներու միջեւ ի զօրու յարաբերութիւններու մասին ։ 1995ին սկիզբ առաւ այս երկխօսութեան յաջորդութիւնը ,եւ 10 Յուլիսին կողմերը համաձայնեցան յառաջիկայ ժողովը գումարել Հռոմի մէջ,2013ի Յուլիսի առաջին շաբաթը ունենալով որպէս բնանիւթ ՝՝ Հաւատացեալները՝ նիւթապաշտութեան ու աշխարհականացումի առջեւ՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.