2012-07-13 15:57:17

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Ուղղուած Ցաւակցական Հեռագիրները Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի եւ Կարտինալ Լեոնարտօ Սանտրիի Կողմէ։


Պաղտատի վաստակաւոր առաջնորդ՝ բարեյիշատակ Պօղոս Արք. Գուսանին մահուան ի լուր, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը ցաւակցական հեռագիրներ ստացաւ եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ու նաեւ հաստատութիւններու եւ միութիւններու կողմէ, արդարեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ հետեւեալ ցաւակցագիրը յղած է ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ.
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ
Կաթողիկոս Պատրիարք Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց- Զմմառ
Արհիապատիւ Վաստակաւոր Պօղոս Արքեպս. Գուսանին Աստուծոյ կողմէ, վերակոչման գոյժը իմանալով` Սրբազան քահանայապետը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Ձերդ վսեմութեան, հարազատներուն ու Թեմական հասարակութեան։ Ան ջերմեռանդօրէն կ՚աղօթէ Տիրոջ, որպէսզի ընդունի հանգուցեալ հովիւը, որ առատաձեռնութեամբ ծառայեց, որպէս Արքեպիսկոպոս 1969-էն ի վեր։ Նորին Սրբութիւնը, Բենեդիկտոս ԺԶ. կը խնդրէ Տիրոջմէ որ հանգուցեալին պարգեւէ Իր խոր-հուրդներուն եռանդուն ու հաւատարիմ տնտեսներուն վարձատրութիւնը։ Որպէս մխիթարութեան առհաւատչեայ` Նորին Սրբութիւնը մեծ սրտով Առաքելական օրհնութիւնը կը պարգեւէ Ձերդ վսեմութեան, Պատրիարքութեան քահանաներուն ու հաւատացեալներուն, Պաղտատի Թեմին ժողովուրդին, երջանկայիշատակ Առաջնորդին հարազատներուն ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ընկերացան անոր իր վերջին տարիներուն։
Կարդինալ Թարսիսիո Պերթոնէ՝
Ս Աթոռի Պետական քարտուղար
Վատիկան 9 Յուլիս 2012

Արեւելեան Եկեղեցիներուն Ժողովին Նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի հետեւեալ ցաւակցագիրը յղած է Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։
Գերերջանիկ Տէր,
Մինչ կը կատարէք Թաղման կարգը Արհի. Պօղոս Արքեպս. Քուսանին, Պաղտատի կաթողիկէ Հայոց վաստակաւոր Արքեպիսկոպոսին, ես կը յայտնեմ իմ խորին ցաւակցութիւններս եւ մասնակցութիւնս Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Եկեղեցւոյ վիշտին։
Երջանկայիշատակ Առաջնորդը եռանդով ու ջերմեռանդութեամբ ծառայեց Տիրոջ` Աւետարանի քարոզչութեամբ ու որպէս Հովիւ ընկերացաւ հասարակութիւննե-րուն, զորս իրեն հոգատարութեան յանձնուեցան, դժուար ու վտանգաւոր կացութիւն-ներուն ընթացքին։ Իր ամբողջական նուիրումը Աստուծոյ կատարուեցաւ համակերպօրէն մասնակցելով Խաչեցեալ Քրիստոսի, կրելով հիւանդութեան ցաւերը իր մարմնոյն վրայ, որոնց ընթացքին ան կը բարձրացնէր իր աղերսալի աղօթքը Եկեղեցւոյ ու ամբողջ ժողովուրդին համար։
Այս իմաստով, քրիստոնէական հաւատքով ու յոյսով, կը հաւատանք որ սիրելի Երջանկայիշատակ Առաջնորդը, կարենայ մասնակցիլ Յարութեան Լոյսին ու խաղաղութեան, ընդունուած` Մարիամի մայրական ներկայութեամբ, որուն մեծապէս բարեպաշտ էր։
Աղօթքով կը միանան ինծի Քարտուղար Արքեպիսկոպոսը, Վասիլ Գերապայծառը, ԵնթաՔարտուղարը` Գերապայծառ Մալվեսթիթի եւ Ժողովին բոլոր պաշտօնեաները։
Այս առիթէն օգտուելով կը հաստատեմ իմ խորին յարգանքներս։
Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝
Նախագահ Արեւելեան Եկեղեցիներուն Ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.