Րաֆֆի Թոքաթլեանի Քանդակը Կը Նուիրուի Հայաստանի Նախագահական Պալատին։
Լիբանանահայ հանրածանօթ արուեստագէտ-քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեան, իր գործերու գեղեցկագոյն
եւ թանկարժէք նմուշներէն մէկը (A poem that is full of Harmony w.53xd33xh.80cm -Bronze)
կը նուիրէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական պալատին: Գնահատելով արուեստագէտին
այս օրինակելի նախաձեռնութիւնը` «Փիւնիկ» հիմնադրամի պատասխանատուները թանկարժէք քանդակին
գումարը կը նուիրեն «Ազդակ»-ին, առ ի քաջալերանք հայ արուեստին եւ հայ մամուլին: