2012-07-12 13:15:41

Ախալցխայի Հայ Համայնքի Հանդիպումը Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպաններու Հետ


Ախալցխայի «Ժողովրդավար Մեսխերի Միութեան» գրասենեակին մէջ,
4 Յուլիսին՝տեղի ունեցած է հանդիպում մը՝ Վրաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակի աշխատողներուն եւ Ախալցխայի հայ ազգաբնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին՝ հայ ազգաբնակչութեան իրաւունքներու ոտնակոխումը Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ, հայկական կազմակերպութիւններու հեղինակութիւնը ժողովուրդին մօտ, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններուն աշխուժութիւնը՝ հայերու իրաւունքներու խախտումներուն արձանագրման եւ խնդիրներու լուծման աշխատանքին մէջ:
Հանդիպման մասնակիցները նշած են, որ Ախալցխայի մէջ կան ընդամէնը երկու գործող կազմակերպութիւններ, որոնք կրթամշակութային գործունէութիւն կը տանին, իսկ հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւն չկայ Ախալցխայի մէջ, որովհետեւ կարելի չէ նման կառոյց պաշտօնապէս արձանագրել այս տարածքին մէջ։
Ներկաներուն համաձայն, երկու տարի առաջ հայկական կազմակերպութիւն արձանագրելու փորձ մը կատարուած է, սակայն այդ գործընթացը բաւական երկար տեւած է, ձգձգուած՝ իսկ աւելի ուշ մերժուած է։ Մտահոգիչ է նաեւ պարագան հայկական եկեղեցիներուն, որոնք մինչեւ օրս չեն վերադարձուած իրենց իսկական տէրերուն:
Վրաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակի գործողներու աշխատակիցներուն համաձայն, իրենք կը փորձեն գործադրել նոր ծրագիր մը, որուն ծիրին մէջ խորհուրդներ եւ տեղեկութիւններ պիտի տրուին ոչ կառավարական տարբեր կազմակերպութիւններու՝ ըլլան անոնք փոքրամասնութիւններու իրաւունքներով զբաղող թէ այլ ուղղուածութիւն ունեցող:









All the contents on this site are copyrighted ©.