2012-07-11 15:48:18

Սրբազան Քահանայապետին Հովուական Այցելութիւնը ֆրասգաթիի Թեմին։


Ընդառաջելով Իտալիոյ ֆրասգաթի Թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Ռաֆֆայելլօ Մարթինելլիի հրաւերին` յառաջիկայ 15 յուլիսին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հովուական այցելութիւն կը կատարէ ֆրասգաթիի թեմին ուր առաւօտեան ժամը 9.30 կը գլխաւորէ բացօթեայ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը` ֆրասգաթիի աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակի տարածքին վրայ։ Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը կը վերադառնայ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցը ուրտեղէն կ՛արտասանէ <<Հրեշտակ Տեառն>> կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.