2012-07-11 13:22:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Յատուկ Պատուիրակ Կարտինալ Կրոխոլեվսքի-ի Սուրբ Պատարագը Հայերուն Նուիրուած ։


Լեհաստանի Լոտզ-ի վոյեւոտութեան Սիերատզ քաղաքի Ամենայն Սրբոց անունը կրող տաճարին կից գործող Կաթողիկէ տան մէջ Յուլիս 8-ին տեղի ունեցած է Սթանիսլաւ Բինտերայի «Հայաստան։ Քարերը կը Վերապրեցնեն Մարդը » լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Անիկա իրականացած է Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Գալոյեանի եւ Վատիկանի կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի Կառավարիչ Պենետիկտոս ԺԶ.րդի Պատուիրակ, Կարտինալ Զենոն Կրոխոլեվսքի-ի պատուոյ հովանաւորութեան ներքեւ :
Ցուցահանդէսի բացման առիթով Սիերատզ-ի հոյակերտ տաճարին մէջ Հռոմի Քահանայապետի Պատուիրակ Լեհ Կարտինալ Զենոն Կրոխոլեվսքի մատուցած է Սուրբ Պատարագ, որուն քարոզը նուիրուած էր ՝՝հինաւուրց աւանդոյթներ ունեցող քրիստոնեայ հայ ժողովուրդին՝՝:
Կարտինալ Կրոխոլեվսքի , բարձր գնահատելով հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի դերը՝ քրիստոնէութեան տարածման եւ ժամանակակից քաղաքակրթութեան ձեւաւորման գործին մէջ, համոզում յայտնած է քոյր եկեղեցիներու յետագայ մերձեցման հնարաւորութեան վերաբերեալ: Ցուցահանդէսի բացման արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է պաշտօնական ընդունելութիւն:
Ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացման ներկայ եղած են նաեւ հոգեւորական դասի այլ բարձրաստիճան անդամներ, Լոտզ-ի Վոյեւոտութեան եւ քաղաքապետութեան մարմիններու ղեկավարներ, Լեհաստանի հայկական համագումար կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ լեհ հաւաքականութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.