2012-07-11 12:50:36

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ՍԱՀԱԿ ՁՈՐԱՓՈՐԵՑԻ ԵՒ Է.րդ ԴԱՐՈՒ ԱՅԼ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ։


7-րդ դարուն շատ մը փոքր հեղինակներ ծաղկեցան։ Կը թուենք անոնց անունները եւ կու տանք հակիրճ կերպով իրենց կենսագրականն ու գրութիւնները։
Առաջինն է Մովսէս Սիւնեցի, եպիսկոպոս Սիւնեաց թեմին, որուն կը պարտինք հայերէնի քերականութեան մեկնութիւն մը, որ իւրայատուկ գործ մըն է հայկական մատենագրութեան մէջ։ Ան ուսուցիչը եղած է 8-րդ դարուն ծաղկած նշանաւոր Ստեփանոս Սիւնեցիին, որ հայ եկեղեցական երաժշտութեան առաջին դասաւորողն ու կանոնաւորողը հանդիսացաւ։
Երկրորդն է Գրիգոր Արշարունի, որ 684 թուին Արշարունեաց եպիսկոպոս օծուած է, Սահակ Կաթողիկոսի կողմէ. Իրեն կը վերագրուի Պատարագի ընթերցուածներու շատ գեղեցիկ մեկնութիւն մը, որ պատուիրուած էր իրեն Կամսարական իշխանին կողմէ։
Երրորդն է Փիլոն Շիրակացի, որ երեւան եկաւ Անաստաս Կաթողիկոսի օրով եւ, Ներսեհ Կամսարական իշխանի խնդրանքին վրայ, թարգմանեց հայերէնի Սոկրատ Սկոլաստիկոս վարդապետին պատմական գրութիւնը։ Ան թէեւ ընտիր լեզու եւ ոճ գործածած է, սակայն շատ մը տեղեր ազատ թարգմանութիւն կատարած է եւ մանաւանդ ինք աւելցուցած է կարգ մը պատմական տուեալներ. Ոմանք կը համարին սակայն թէ անոնք հետագային աւելցուած են գրչագիրներու կողմէ։
Ի վերջոյ ամենա-հեղինակաւոր անձը եղաւ Սահակ Ձորափորեցի կաթողիկոսը. Ան աշակերտն էր Թէոդորոս Քռթենաւորին ( ինչպէս յիշեցինք անցեալ մեր հաղորդումին ընթացքին). Կաթողիկոսական աթոռը բարձրացաւ 677 թուին, երբ Արաբները կը տիրապետէին Հայաստանի վրայ. Իր խոհականութեան եւ իմաստութեան համար` ամէնուն կողմէ յարգանքի արժանացաւ, նոյնիսկ մահմետական Արաբներու կողմէ ։
Երբ ան Դամասկոս կը գտնուէր, հայազգի Սմբատ իշխանը իրեն լուր ուղարկեց թէ Մահմէտ արաբ ոստիկանը բազմահազար զօրքով կը պատրաստուէր արշաւելու Հայաստանի վրայ եւ նորանոր ասպատակութիւններ, թալան ու ջարդ կատարելու. Իշխանը խնդրեց հայրապետէն որ միջամտէ ոստիկանին մօտ եւ ազատէ հայ ազգը այս բռնութենէն. Սահակ, հակառակ իր ծեր տարիքին, անմիջապէս ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Պաղտատ, հանդիպելու համար Մահմէտի. Սակայն ճամբան` կը հիւանդանայ եւ Խառան քաղաքին մէջ` կը մեռնի. Նախապէս կը խնդրէ իրեն ըմկերացողներէն որ արաբերէն լեզուով աղերսագին նամակ մը շարադրեն եւ դնեն զայն իր աջ ձեռքին մէջ։
Երբ ոստիկանը կ՛իմանայ, կը փութայ դէպի Խառան եւ կը գտնէ մեռած հայրապետին նամակը ձեռքին մէջ, յարգանքով կ՛առնէ զայն ու կը կարդայ անոր աղաչանքը եւ կը կատարէ անոր խնդրանքը. Այսպէսով հայ ազգը կ՛ազատի նոր ջարդէ եւ կողոպուտէ մը, որ կը սպառնար անոր անմիջական կերպով։
Այս նամակէն զատ, Սահակ Ձորափորեցիի կը վերագրուին Նաւակատիքի եւ Սուրբ Խաչի սքանչելի շարականները. Անոնք շատ յաջող ու գերազանց բանաստեղծութիւններ են, որոնք կը զարդարեն մեր աննման շարակնոցը։
Իրեն կը վերագրուի նաեւ Արմաւեաց կամ Ծաղկազարդի մասին գրուած ճառը, շատ ընտիր ոճով շարադրուած,Տպագրուած՝ Վենետիկ 1834-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.