2012-07-11 13:25:57

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ՝ Միջ-Եկեղեցական Հանդիպում Անթիլիասի Մէջ։


Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ Յուլիս 10-ին միջ-եկեղեցական կարեւոր համդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Հանդիպման ներկայ էին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն ներս կաթողիկէ եկեղեցիներու ընտանիքի Նախագահ Ասորի կաթողիկէ Պատրիարք Իգնատիոս Եուսուֆ Գ. Եունան, Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար Փօլ Ռուհանա Եպիսկոպոսը, ապա փոխ-ընդհ. Քարտուղարը եւ Գործադիր Վարչութեան անդամներ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Խորհուրդի յառաջիկայ աշխատանքներուն առնչուած կարեւոր հարցեր: Այս առիթով նաեւ ներկաները ընդհանուր արժեւորումի ենթարկեցին Միջին Արեւելքէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ այս ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մտահոգութիւնները:
Յայտնենք, որ Սուրիայէն ներս ստեղծուած կացութեան առաջին իսկ օրէն Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը իր գրասենեակներու ճամբով մարդասիրական օգնութիւն սկսաւ ընծայել բոլոր գաղթականներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն առանց խտրութեան: Շուրջ ամիս մը առաջ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարած իր վերջին ժողովին, Խորհուրդի Գործադիր Վարչութիւնը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը այս ուղղութեամբ, կոչ ուղղելով արեւմտեան եկեղեցիներուն կրկնապատկելու իրենց նիւթական օժանդակութիւնը:
Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետը որպէս Նախագահ մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ մէջ կատարուող այս աշխատաքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.