2012-07-10 13:18:24

Չինաստանը՝ Հայաստանին Ամէնէն Շատ Օգնութիւն Տուող Երկիրը։


Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, (Յունուարէն-Մայիս 2012) Հայաստան ստացած է շուրջ 30 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն։ Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով՝ այս տարուան օժանդակութեան ծաւալը աւելցած է 4 միլիոն տոլարով։
Սակայն այս տարի կատարուած մարդասիրական օգնութեան կառուցուածքը եւ բարերար երկիրներուն պատկերը ամբողջովին տարբեր է։ Սովորաբար Հայաստանը մարդասիրական օգնութեան մեծագոյն քանակը կը ստանար Միացեալ Նահանգներէն։ Իսկ 2012ին օժանդակող երկիրներու ցանկին գլխաւոր դիրքը կը գրաւէ Չինաստանը, որմէ Հայաստան ստացած է 13 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն, որ ընդհանուրին 43.5 տոկոսն է: Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներէն ստացուած է 5.2 միլիոն տոլար, Զուիցերիայէն՝ 1.7 միլիոն տոլար, Գերմանիայէն՝ 1.5 միլիոն տոլար:
Միացեալ Նահանգներէն ստացուող մարդասիրական օգնութիւնը նախորդ տարուան հետ բաղդատելով նուազած է գրեթէ 45 տոկոսով: Յիշեցնենք, որ Չինաստանը այս տարի Հայաստանին նուիրած է 249 հանրակառքեր, որոնց մեծ մասը արդէն Հայաստան հասած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.