2012-07-10 13:11:24

Մոնկոլիայի Կաթողիկէ Հասարակութիւնը Կը Տօնախմբէ Իր Ներկայութեան 20-րդ Ամեակը։


Մոնկոլիայի կաթողիկէ <<երիտասարդ>> եկեղեցին` 10 եւ11 յուլիսին կը տօնախմբէ երկրի մէջ իր ներկայութեան եւ առաքելութեան հաստատման 20րդ ամեակը։
Արդարեւ համայնաւար վարչակարգի անկումին 1991-ին Մոնկոլիայի մէջ ոչ մէկ կաթողիկէ կը գտնուէր։ 1992-ին նոր Սահմանադրութեան հաստատումէն ետք, որ կը ճանչնար կրօնի ազատութիւնը, Հարաւային Գորէայի երբեմնի առաքելական նուիրակը գերապայծառ Վէնչէզլաօ Բատիլլան, Մարիամու Անարատ Սրտի միաբանութեան երկու միաբանակիցներու հետ միասին, հասաւ Մոնկոլիայի մայրաքաղաք ու հոն հաստատուեցաւ սկիզբ տալով առաքելութեան։

2006 ի տուեալներու համաձայն կաթողիկեներու թիւը կը հասներ 600-ի որոնցմէ 350 Մոնկոլիայի բնիկներ էին։ Այսօրուայ դրութեամբ 22 տարբեր երկիրներէն 81 միսիոնարներ կը գործեն Մոնկոլիայի մէջ։
Կաթողիկէ առաքելութիւնը ունի անտէր մանուկներու յատկացուած երկու կեդրոններ, հոգեւոր կրթութեան կեդրոն, երկու դպրոց, երկու մանկապարտէզ ու անկար մանուկներու կեդրոն։

Մոնկոլիայի Պապակն նուիրակ գերապայծառ Բատիլլա այս առթիւ յայտարարած է թէ <<կանչուած ենք աւելիով ամրապնդելու մեր սատարը ի սպաս ընկերային ձեռնարկներու, գարգացման, դաստիարակութեան եւ հոգեւոր մարզերու մէջ։ Որպէս Քրիստոսի առաքեալներ չենք կրնար նկատի չ՛առնել ընկերութեան ապրած իսկական իրավիճակը ու հետեւաբար չի նուիրուիլ բարեսիրական գործունէութեան։

Մոկոլիայի եկեղեցւոյ յոբելենական տօնախմբութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի քարտուղար` գերապայծառ Հոն հայ ֆայ եւ Գորէայի Տաէժոն թեմի եպիսկոպոսը գերապայծառ Լածարօ Եու Հիունկ Սիք։
Մոնկոլիայի եկեղեցւոյ 20րդ տարեդարձին առթիւ մայրաքաղաքի` արուրաձանի մէկ շրջանի մէջ աղքատներու յատկացուած բուժարանի մը բացումը կը կատարուի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.