2012-07-09 12:37:37

Նիճերիոյ Արքեպիսկոպոսը Կ՛արժանանայ ''Ոսկիէ Աղաւնիներ'' 2012-ի Խաղաղութեան Մրցանակին


Խաղաղութեան ու միջկրօնական երկխօսութեան ի նպաստ տարած աշխատանքին համար, Նիճերիոյ Ժոս թեմի առաջնորդ եւ եպիսկոպոսական դասի նախագահ` Արքեպիսկոպոս Քայկամա, անցեալ չորս յուլիսին արժանացաւ ''Ոսկիէ Աղաւնիներ'' 2012-ի խաղաղութեան մրցանակին։
Մրցանակը շնորհուած է միջազգային փնտռտուքի ապազինումի հաստատումի դիւանէն։
Մրցանակի յանձնախումբը վարցատրած է գերապայծառ Քայկաման որովհետեւ զայն նկատելով ''երկխօսութեան այր մը, որ չի գոհանար դատապարտելու բռնութիւնները այլ գործօն աշխատանք կը տանի վերջ տալու ատելութեան ալիքին։ Այս աշխատանքը յոյժ կարեւոր է Նիճերիոյ մէջ, ուր մահմետականներու կողմէ գործադրուած մահափորձերը յաճախակի են''։
Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով գերապայծառ Քայկամա յայտնած է որ << մրցանակը քաջալերանք մըն է եւ կ'ապացուցանէ որ խաղաղութեամբ ու ներդաշնակութեամբ ընկերութեան մէջ ապրելու բաղձանքը շատերէն բաժնուած է>> աւելցնելով թէ մրցանակը ունի նաեւ նշանակութիւն մը եւս <<թէ առանձին չենք>>։
Նշենք թէ ապազինումի դիւանը փնտռտուքի հաստատութիւն մըն է, հիմնուած Հռոմի մէջ 1982-ին Լուիճի Անտերլինիի կողմէ։ Անիկա կ'ուսումնասիրէ զէնքի, խաղաղութեան ու ազգային անվտանգութեան հարցերը։ Վերոյշեալ կազմակերպութիւնը իր հիմնարկութեան 30 ամեակը կը տօնախմբէ այս տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.