2012-07-09 12:27:34

Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոն Անուանուած Որպէս Քահանայապետի Յատուկ Նուիրակ Գլխաւորելու Ղազախիստանի Եկեղեցւոյ Օծման Արարողութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոն` Կարտինալներու Գահերէցը նշանակած է որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւոերլու համար Ղազախիստանի Գարականտա Թեմի <<ֆաթիմայի Տիրամայր, ազգերու մայր>> անուամբ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 9 սեպտեմբերին։
Նշենք որ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը սկիզբ առած էր 2004-ին. Ղազախիստանի 16 միլիոն բնակչութեան 4.2 միլիոնը քրիստոնեայ են։ Անոնց մեծամասնութիւնը կը պատկանի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ։ Կաթողիկեները կը հաշուեն 148 հազար հաւատացեալ։
Գարականտայի Թեմը հաստատուած է 1999ին եւ ունի 30.000 կաթողիկէ հաւատացեալ։







All the contents on this site are copyrighted ©.