2012-07-07 09:52:15

Ս. Աթոռը Կը Դատապարտէ Կիներու Դէմ Գործադրուած Բռնութիւնները։


Մարդու իրաւունքներու 20-րդ նիստին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ ՄԱԿԻ Ժընեւի կեդրոնին մէջ , Վատիկանի մնայուն դէտ` գերապ. Թոմազի իր ունեցած ելոյթին ընթացքին դատապարտեց ընկերա-մշակութային այն բարքերը որոնք կը հանդուրժեն կիներու դէմ գործադրուած բռնութիւնները։
Ան մասնաւորապէս դատապարտեց աղջիկ զաւակներու ու իգական սաղմերու սպաննութիւնը։
Վերակոչելով այր մարդու ու կնոջ միջեւ արժանաւորութեան հաւասարութիւնը, ընդունուած ՄԱԿի կողմէ Ս. Աթոռի մնայուն դէտը ընդգծեց հարկաւորութիւնը ջնջելու ամէն տեսակ խտրականութիւն ու ամէն բռնութիւն կիներու հանդէպ։








All the contents on this site are copyrighted ©.