2012-07-07 10:00:27

Հայաստանի Մէջ Սահմանադրութեան Օրուայ Նշում։


Հայաստանի մէջ Հինգշաբթի օրը (5 յուլիսին) նշուեցաւ երկրի հիմնական օրէնքի` սահմանադրութեան օրը:
1995 թուականին տեղի ունեցաւ սահմանադրական հանրաքուէ, որուն իբրեւ հետեւանք ընդունուեցաւ գործող սահմանադրութիւնը, իսկ 10 տարի ետք` 2005 թուականին սահմանադրութեան վրայ կատարուեցան փոփոխութիւններ եւ լրացումներ: Սահմանադրութեան օրուան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ նշեց. «5 յուլիսը մեր նոր պետականութեան կարեւորագոյն տօներէն է, որով մենք մեր նուիրուածութիւնը կ՛արտայայտենք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական օրէնքին մէջ ամրագրուած արժէքներուն եւ իտէալներուն»:
«Մեր սահմանադրութեան կարեւոր առաքելութիւնը հասարակական համերաշխութեան ապահովումն է, որուն չենք կրնար հասնիլ առանց օրէքի գերակայութեան եւ սահմանադրական իրաւունքներու անվերապահ յարգումին», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան` աւելցնելով. «Այստեղ պէտք է խոստովանինք, որ ունինք խնդիրներ: Ակնյայտ է, որ սահմանադրութեամբ հռչակուած ժողովրդավարական արժէքները, որոնց շարքին` անկախ որեւէ յատկանիշէ օրէնքին առջեւ բոլորին հաւասարութեան սկզբունքը, առօրեայ կեանքին մէջ պէտք է անվերապահօրէն դրուին մեր հասարակութեան եւ պետութեան մէջ առկայ հակասութիւններու լուծման հիմքին մէջ»: «Միայն քաղաքացիական հասարակութեան հետ արդիւնաւէտ կապի մէջ պետութիւնը կրնայ դառնալ իրապէս ժողովրդավարական եւ կառուցել քաղաքակիրթ հասարակարգ, որուն մէջ ազատութիւնը եւ հասարակական կարգը լիովին հաւասարակշռուած են: Հասարակական համերաշխութեան համար պատասխանատու ենք բոլորս, հասարակութեան բոլոր շերտերը, եւ բոլորիս պարտքն է միացեալ ջանքերով օր առաջ վերացնել հռչակուած արժէքներուն եւ իրականութեան միջեւ առկայ խզումը: Այս ճամբուն վրայ մեր ամէնէն յուսալի յենարանը դարձեալ սահմանադրութիւնն է` անոր տառն ու ոգին», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.