2012-07-07 10:14:08

Աշխարհի Երկիրներու Ազատութեան Վարկանիշը՝ Ըստ Freedom House-ի ։


19 երկիրներու մէջ ազատութիւնն ու ազատութիւնները ոչ բոլորի համար են, կ’ահազանգէ Freedom House Իրաւապաշտպան Կազմակերպութիւնը իր ամենամեայ «Վատագոյններէն վատագոյնները. Աշխարհի ամենահալածական հասարակութիւնները» (Worst of the Worst: The World's Most Repressive Societies) զեկոյցին մէջ: Խօսքը աւելի քան 1,6 միլիառ մարդու, կամ Երկրի բնակչութեան 23%-ի մասին է:
«Միապետութիւնը կը շարունակէ տարածուած մնալ աշխարհի մէջ 2012-ին: Գրեթէ իւրաքանչիւր 4-րդ ժողովուրդ աշխարհի մէջ կ'ապրի այնպիսի երկիրներու մէջ, որոնք ունին քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու ամենավատ ցուցանիշները»,- ըսուած է զեկոյցին մէջ:
Դիտարկուած են աշխարհի 195 երկիր եւ 14 «տարածք»` յատկապէս չճանչցուած պետութիւններ, որոնց մէջ` իբրեւ «վիճելի տարածք» նշուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը:
Աշխարհի ամենավատ երկիրները 2012-ի դրութեամբ հետեւեալներն են. Հասարակածային Գուինէա, Էրիթրէա, Հիւսիսային Քորէա, Սէուտական Արաբիա, Սոմալի, Սուտան, Սուրիա, Թուրքմէնստան եւ Ուզպեքստան: Բացի ասոնք ներառուած են նաեւ երկու վիճելի տարածք` Թիպեթը եւ Արեւմտեան Սահարան: Այս բոլոր երկիրներուն մէջ արգիլուած է քաղաքական ընդդիմութիւնը, իշխանութիւններու քննադատութիւնը պատժելի է, իսկ միջազգային կազմակերպութիւնները ճնշումներու կ'ենթարկուին:
Սոմալիէն բացի բոլոր այս պետութիւնները «դաժան բռնապետութիւն» կ'որակուին: Ասոնցմէ Հիւսիսային Քորէան կանոնաւոր ամենավատ դիրքերուն մէջ է 40 տարի շարունակ` այն ժամանակէն ի վեր, որ կ'իրականացնէ աշխարհի պետութիւններու ազատութեան դիտարկումը: Նշուածներուն 7-րդը այս ցուցակներուն մէջ է մօտ 25 տարի:
Վատագոյններու եզրագիծին շատ մօտ է եօթ երկիր` Պելառուսիան, Պիրման, Չատը, Չինաստանը, Քուպան, Լաոսը ու Լիպիան եւ մէկ տարածք` Հարաւային Օսիան: Այս երկիրներուն մէջ ընդդիմութիւնը խստօրէն կը ճնշուի, կը խոչընդոտուի միջազգային կազմակերպութիւններու աշխատանքը, իշխանութիւններու քննադատութիւնը գրաքննութեան կ'ենթարկուի կամ կը պատժուի:
Ազատութիւնը աշխարհի մէջ 2012-ին աշխարհի երկիրները հետեւեալ կտրուածքով ներկայացուած են: Կան վատագոյն 16 եւ անոր մօտ երկիրներ (8%), 87 ազատ (45%), 48 ոչ ազատ (24%) եւ 60 մասամբ ազատ (31%) երկիրներ: Հայաստանը վերջին խումբին մէջ է քաղաքացիական : Վրաստանը եւս «մասամբ ազատ» է։
Տարածաշրջաններու երկիրներէն «անազատ» երկիրներու ցանկին մէջ է Ատրպէյճանը:
Իրանը ազատ չէ: Թուրքիան «մասամբ ազատ՝՝ է : «Ոչ ազատ» է Ռուսաստանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.