2012-07-06 12:39:28

Պրազիլի Եպիսկոպոսներու Կոչը Բնիկ Ժողուրդներու Ի Խնդիր։


Պրազիլի եպիսկոպոսները ցաւով կը յայտնեն որ Ամազոնիան տակաւին մինչեւ օրս նկատուած է որպէս գաղթօճախ, ուր գործարարներ կ'երթան կ'արտահանեն հում նիւթեր, կը հարստանան ու ապա կը հեռանան։ Պրազիլի կառավարութեան համար Ամազոնիայի բնիկները արգելք մըն են մեծ ծրագիրներու իրականացումին ու երկրի բարգաւաճումին, մինչ եկեղեցին կ'աշխատի պաշտպանը հանդիսանալ բնիկներու շահերուն, զարգացնելով ընտանեկան հողամշակոյթը ինչպէս նաեւ անտառային ու հանգային հարստութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.