2012-07-06 12:46:32

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Նոր Աւետարանացումը եւ Մասոնութիւնը
(1)
Մասոնութեան շարժումը իսկական թիրախը կը կազմէ Քրիստոսի հիմնած եկեղեցիին եւ անոր աւետարանացումին, հետեւաբար մեր այս նիւթին նպատակն է քրիստոնեայ երիտասարդներուն ծանօթացնել իսկական դէմքը մասոնութեան շարժումին իր արտաքինովն ու ներքինովը- իր իսկութեամբը:
Մասոնութիւնը գաղտնի ընկերութիւն մըն է որ առաջին անգամ իր գոյութիւնը շեշտեց՝ 1717 թուականին, Անգլիոյ մէջ, իբր նոր շարժում մը, որ իր արմատները կը հասցնեն մինչեւ Սողոմոն թագաւորին ժամանակները, երբ ան Աստուծոյ Տաճարը շինեց ձեռընտուոթեամբ Տիւրոսի Քերամ թագաւորին:
Գաղտնի այս կազմակերպութեան անդամները երեք աստիճանական խումբերու կը բաժնուին, որոնք նոյն նպատակը ունին՝ նոր աշխարհ մը կերտելու, մարդկային կեանքին նոր իմաստ, նոր ուղղութիւն մը տալու եւ նոր վախճան մը սահմանելու:
Մասոնները հը հաստատեն թէ Մասոնութիւնը Ընկերութիւն մըն է՝ իրարօգնութեան, բարեգործութեան, ընկերային համերաշխութեան. հետեւաբար ամէն մարդ մուտք ունի այս մեծ ընտանիքէն ներս:
Իր նպատակին հասցնող զէնք-միջոցներն են՝ ուսում, գիտութիւն, արուեստ, արհեստ եւ գեղարուեստ:
Մասոնութիւնը սակայն կը մերժէ բարեգործ սէրը, որ կը նուաստացնէ եղեր, նախնտրելու համար համերաշխութիւնը, որ կը բարձրացնէ: Մասոնութիւնը երբ սէրը կը մերժէ՝ հարուած կ՛ուզէ հասցնել քրիստոնէական սիրոյ, յատկանիշը քրիստոսի հարազատ աշակերտներուն: Ուրիշ խօսքով՝ կ՛ուզէ եղծել քրիստոնէական համերաշխութիւնը, տեղը դնելու համար՝ ուրիշ բան մը, որուն մէջ սիրոյ ոգին պակաս է:
Իբր համերաշխութեան ազդակ՝ Մասոնութիւնը որդեգրած է հետեւեալ երեք սկզբունքները. «Ազատութիւն», «հաւասարաութիւն», «Եղբայրութիւն»: Մասոն եղբայրները կ՛ըսեն թէ մասոնութիւնը հիմնուած է՝ որպէս զի բոլոր, բոլոր մարդիկ իրարու հաւասար եւ ազատ եղբայրներ դարձնէ երկրի վրայ:
Մասոնութիւնը լայնօրէն կը խօստանայ իր ընտրելիներուն՝ դիրք եւ պատիւ ընկերութեան մէջ, այսինքն՝ ձեռք ձգել բարձր պաշտօններ եւ առատ դրամ քսակներու, պայմանաւ որ ուզեն իրեն ենթարկուիլ առանց վերապահութեան եւ ի սպառ:
Նմանութեամբ Հին Ուխտի Տապանակին՝ մասոնական օթեակները ամրածածուկ կը պահպանեն իրենց գաղտնիքներուն կծիկը, որ է՝ Օրինաց Գիրքը. Իրենց նպատակ ծրագիրը, ծիսական խորհրդանշաններու իսկական իմաստները: Այդ «Սրբութիւն Սրբութեանց»ի շուրջը կը պաշտօնավարեն՝ իրենց «Ղեւտացիները», իրենց «Քահանաները» եւ «Մեծ Քահանայապետը», որ մասոնական Նուիրապետութեան 33րդ, այսինքն վերագոյն աստիճանին վրայ բարձրացած՝ կը սաւառնի վարի աստիճաններուն վերեւ:
Ինչ որ մինչեւ հիմա ըսինք մասոններուն մասին սնոտի բաներ էին յայտնապէս: Արդարեւ, յետագայ հաղորդումին մէջ պիտի փորձենք մասոնութիւնը դիտել ներքուստ տեսնելով անոնց գլխաւոր գաղտնիքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.