2012-07-05 11:50:56

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Այսօր 5 յուլիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10-ին Տոմինիքեան Հանրապետութեան Նախագահը Տիար Լէոնէլ Անթոնիօ ֆէրնանտէզ Ռէյնան այցելութիւն կատարեց Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի կեդրոնը ուր հանդիպում ունեցաւ սոյն խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիի հետ որ 2011-ի մայիսին որպէս Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ մասնկացած էր Տոմինքեան Հանրապետութեան մէջ կայացած Գիրգի Միջազգային Տօնավաճառին։


Ռուսական Օրէնսդրութիւնը Աւելի Խիստ Պատժամիջոցներ Որդեգրած Է Անոնց Դէմ Որոնք Կը Նախատեն Կրօնական Զգացումները։

Դաշնակցային Ռուսիոյ ազգային ժողովը մտադիր է վերափոխել ռուսական օրէնսդրութիւնը աւելի խիստ պատժամիջոցներ որդեգրելով անոնց դէմ որոնք կը նախատեն կրօնական զգացումները։ Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան գնահտումով կրօնական զգացումներու հանդէպ նախատինքը դրդում մըն է ատելութեան եւ հակառակ է մարդկային արժանաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.