Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցը չմեկնած` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը անցեալ յուլիսին
նամակ մը ուղղած է Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէին որուն մէջ
իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ անոր ցուցաբերած մօտիկութեան եւ անոր տուած կարեւոր խորհուրդներուն։
Նորին Սրբութիւնը ապա ցաւ յայտնելով Կարտինալ Պերթոնէի դէմ վերջերս մղուած անարդար
քննդատութիւններուն նորոգած է անոր հանդէպ ունեցած իր անձնական վստահութիւնը որ արտայայտած
էր 15 յունուար 2010 թուակիռ նամակին մէջ։ Հուսկ Տիրամօր ու Ս Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու
յանձնած է Վատիկանի Պետական քարտուղարի առաքելութիւնը արտայայտելով իր եղբայրական մօտիկութիւնն
ու ջամբելով առաքելական օրհնութիւնը։