2012-07-05 09:50:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան Կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութեան Յայտագիրը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Յառաջիկայ 14- 16 Սեպտեմբեր, Առաքելական Ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Լիբանան, ուր պիտի ստորագրէ ու ապա Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ 2010-ին գումարուած՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Եպիսկոպոսկան Սիւնհոդոսի յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրը։


Ուրբաթ 14 սեպտեմբեր։

Առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Սրբազան Քահանայապետի սաւառնակը կը մեկնի Չամբինոյի օդակայանէն եւ 3 ժամ 15 վայրկեան տեւող՝ թռիչքէ ետք, կը ժամանէ Պէյրութի Րաֆիք Էլ Հարիրիի անուան միջազգային օդակայանը, ուր տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը, եւ ուր Սրբազան Հայրը պիտի արտասանէ ճամբորդութեան ընթացքին նախատեսուած՝ 5 ճառերէն առաջինը։ Նշենք որ ասիկա երրորդ անգամն է որ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը միջին արեւելքը կ՛այցելէ։ Առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցած էր 2009-ին՝ Իսրայէլ, Պաղեստինեան հողեր ու Յորդանան. իսկ երկրորդը 2010-ի յունիսին` Կիպրոս։

Բարի Գալուստի արարողութենէն ետք, Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը կ՛ուղղուին Հարիսսայի Սուրբ Պօղոսի անուան Պազիլիքա ուր նախատեսուած է, յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրի ստորագրութիւնը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը կ՛արտասանէ իր երկրորդ ճառը։



Շաբաթ 15 Սեպտեմբեր։

Առաւօտեան ժամը 8-ին Նորին Սրբութիւն առանձնական պատարագ կը մատուցէ Լիբանանու Առաքելական Նուիրատան մէջ։

Պաապտա
Ժամը 10-ին Սրբազան Հայրը կը փոխադրուի Պաապտա ուր փրոթոգոլային այցելութիւն կը կատարէ Լիբանանի Հանրպետութեան նախագահ` Միշէլ Սլէյմանին Պաապտայի Նախագահական Պալատին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը առանձնական հանդիպումներ կ՛ունենայ նաեւ Լիբանանի վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին հետ։

Ժամը 10.50-ին, Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական հանդիպում կ՛ունենայ Իսլամ Կրօնապետերուն հետ, հուսկ ժամը 11ը 15 անց, կը հանդիպի կառավարական իշխանութիւններու, դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ու մշակոյթի աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ, անոնց ուղղելով պատգամ մը։

Զմմառ.
Ժամը 13.30-ին, Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան Պատրիարքութեան Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը Լիբանանու Պատրիարքներուն ու եպիսկոպոսներուն ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի միջին արեւելքի յատուկ խորհուրդի անդամներուն ու իրեն ընկերացող շքախումբի անդամներուն հետ կը բաժնեկցի եղբայրական ագապը։


Պքէրքէ
Յետ միջօրէի ժամը 18ին Մարոնիներու Պատրիարքութեան Պքէրքէի բացօթեայ տարածքի վրայ, Նորին Սրբութիւնը կը հանդիպի Լիբանանի երիտասարդներուն ու անոնց կ՛ուղղէ իր հայրական խօսքը։


Կիրակի 16 սեպտեմբեր

Պէյրութ
Առաւօտեան ժամը 10-ին Պէյրութի City Center Waterfront -ի տարածքի վրայ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն կը յանձնէ յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը։ Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Հայրը նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Հարիսսայի Առաքելական Դեսպանատան մէջ բաժնեկցելէ ետք եղբայրական ագապը Նորին Սրբութիւնը ժամը 16.50-ին հրաժեշտ կ՛առնէ ու կը փոխադրուի Շարֆէ՝ ուր Ասորի Կաթողիկէներու Պատրիարքութեան սրահին մէջ նախատեսուած է Համամիութենական Հաւաք մը, որմէ ետք՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը կ՛ուղղուի Պէյրութի Ռաֆիք Էլ Հարիրի օդակայանը։ Օդակայանին մէջ ժամը 18.30-ին նախատեսուած է Հրաժեշտի Պաշտօնական արարողութիւնը ի ներկայութեան քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններուն։ Սրբազան քահանայապետը իր վերջին ճառը կ՛արտասանէ ու ժամը 19-ին դէպի Հռոմ կը մեկնի։








All the contents on this site are copyrighted ©.