2012-07-04 12:47:47

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին ՜՜Ովասիս 2012՝՝ Ամառնային Ծրագրի Բացման Հանդիսութիւնը։


Երեքշաբթի օրը առաւօտեան՝ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ, տեղի ունեցաւ «Ովասիս 2012» ամառնային ծրագիրը, յատուկ հանդիսութեամբ, որ սկիզբ առաւ վարժարանի Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց գերապատիւ Հ. Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի օրհնութեան աղօթքով ապա, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնը՝ պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ «Ովասիս»ը հաճելի եւ ուրախ ամառնային ծրագիր մըն է, որ նաեւ ունի դաստիրակչական եւ ազգային նպատակներ. ապա յայտնեց ուրախութիւնը որ Հայաստանէն, Տուպայէն, Իրաքէն, Քուէյթէն, Պահրէյնէն,Գանատայէն, Ուրուկուէյէն, Ուքրանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Շուէտէն Լիբանան ժամանած են աշակերտներ մասնակցելու «Ովասիս»ի աշակերտներուն:
«Ովասիս 2012» ամառնային ծրագիրը ունի փոքրերու (3-7) եւ մեծերու (8-13) Փոքր եւ Մեծ Մասիս խումբերը, որոնք բաժնուած են 9 դասարաններու մէջ: Իւրաքանչիւր դասարան կը կրէ պատմական Հայաստանի շրջաններէն մէկ անուն: Մասնակից աշակերտները իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները, ուր ստացան Եռագոյնով կազմուած «Ովասիս»ի տարազները, մինչ «Ովասիս»ի գլխաւոր պատասխանատու Գարոլին Թերզեան կատարեց պատասխանատուներու անձնակազմին հետ առաջին օրուան ստուգումները եւ դասաւորումները:
Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ թէ՝ «Ովասիս 2012» ամառնային ծրագիրի մասնակից աշակերտներու ծնողները, «Ովասիս»ի գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ պտոյտներուն կրնան ծանօթանալ այցելելով Մեսրոպեան վարժարանի ՜՜Ֆէյսպուքի՝ պաշտօնական էջը՝ :








All the contents on this site are copyrighted ©.